Սահմանին հրադադար պիտի հաստատուի։
Տեղեկութիւնը հաստատուած է նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, ուր կը խօսուի Ռուսաստանեան նախաձեռնութեան մասին։
Կը նշուի, որ հրադադարը ընթացք պիտի առնէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ։
Յիշեցնենք, որ թշնամին հերթական սադրանքով մը փորձած է առաջանալ Սոթք- Վերին Շորժա հատուածներու ուղղութեամբ։
Հայկական կողմը հերոսաբար պաշտպանած է իր դիրքերը, որուն հետեւանքով ալ տալով 3 զոհ եւ 2 վիրաւորեալներ։
Այս բոլորը կը գրանցուին օրերս Մոսկուայի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ։
Նշենք նաեւ, որ հակառակ հրադադարի մասին խօսքերուն Ատրպէյճանեան բանակը կը շարունակէ իր կրակահերթերը հայկական 6 շէներոու ուղղութեամբ։