Պաքուի շինանիւթերու շուկային մէջ հրդեհ բռնկած է, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներն ալ յայտնած են, որ 1 մարդ մահացած է։
Դէպքի վայրին մէջ աշխատած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աւելի քան 20 միաւոր յատուկ մեքենաներ եւ պետական հակահրդեհային ծառայութեան 85 աշխատակից։
Հրդեհն արդէն տեղայնացուած է եւ մեկուսացուած։ Այն ամբողջութեամբ մարելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները կը շարունակուին։