Մոսկուայի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Սատովոտ» շուկային մէջ երկրորդ աստիճանի հրդեհ բռնկած է, որու հետեւանքով երկու մարդ տուժած է, անոնց օգնութիւն ցուցաբերուած է։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
Հրդեհը մարելուն ներգրաւուած է աւելի քան 100 հոգիէ բաղկացած խումբ եւ 45 միաւոր սարքեր։ Ինչպէս պարզաբանած է Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, յարակից այրած են սպառողական ապրանքներ։
Նշենք, որ Մոսկուայի օղակաձեւ ճանապարհի 14-րդ քիլոմեթրին մէջ գտնուող «Սատովոտ»ը կը պատկանի ատրպէյճանական ծագումով գործարարներ Կոտ Նիսանովի եւ Զարախ Իլիեւի «Քիեւսքայա Փլոշչատ» ընկերութեան։