image

Պաքու Երեւանին խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծ ներկայացուցած է

Պաքու Երեւանին խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծ ներկայացուցած է

Եւլախի մէջ երկխօսութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի վրայ: Այս մասին Sky News Arabia-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրբեկովը:

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանն արդէն սկսած են քննարկել խաղաղութեան պայմանագիրը, որ կրնայ վերջ դնել տասնամեակներու թշնամութեան։ Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը, ըստ որու երկու երկիրները պիտի պարտաւորուին չմիջամտել իրար գործերուն, փոխանցուած է հայկական կողմին, եւ Պաքուն կը սպասէ Երեւանի արձագանգին։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նաեւ ընդգծած է, որ Ղարաբաղի հայերու հետ առանձին պայմանագիր կնքելու կարիք չկայ, քանի որ անոնց հետագայ ճակատագիրը Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է: