image

«Պապ, քու բարի սիրտդ, քու յիշատակդ, միշտ անթառամ պիտի մնան».Մարալ Ներսէսեան

«Պապ, քու բարի սիրտդ, քու յիշատակդ, միշտ անթառամ պիտի մնան».Մարալ Ներսէսեան

 

 Աւելի վաղ «Արեւելք» մահագրական նիւթ մը հրապարակած էր  օրերս Ամմանի մէջ իր հոգին երկնային խաղաղութեան տուած մեր հայրենակից, գաղութային գործիչ եւ ՌԱԿ նուիրեալներէն՝ Ներսէս Ներսէսեանի մասին։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք  հանգուցեալի դստեր՝ Մարալ Ներսէսեանի սրտի խօսքը  իր հօր մասին, անգամ մը եւս մեր սրտազգաց ցաւակցութիւնները յղելով հանգուցեալի հարազատներուն,  ազգականներուն եւ բարեկամներուն։

Պապ, 

Բոլորս եկած ենք քեզի յարգանք մատուցելու, խոր վիշտն ու թախիծը յայտնելու համայնքին եւ հասարակութեանը օգտակար հանդիսացող քո երկրային կեանքէն հրաժեշտ տալու տխուր իրականութեանը առիթով:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ,

Սիրելի եւ Յարգելի Սգակիցներ,

 

Ներսէս Ներսէսեանը, զաւակը Երուսաղեմի Զէյթունցի Հաւատարիմ Վարդանին եւ Մարիամին, աւարտած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Երկրորդ. Վարժարանը 1966-ին, ապա Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտէն 1972-ին Ելեկտրաբանեցման եւ Ավտոմատացման մասնագիտութիւններու մագիստրոսի կարմիր գերազանցիկ վկայագրով

1972-էն մինչեւ 1978 Թուականները ծառայած է Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան մէջ որպէս գործօն անդամ եւ վարչական անդամ ատենադպիր

1978-էն մինչեւ օրս ծառայած էր Ամմանի Ազգային Մարզական Միութենէն ներս որպէս Գործօն եւ Վարչական անդամ, ատենադպիր, ատենապետ

30 տարի, 1989-էն սկսեալ նշանակուած էր Յորդանանի Պետութեան կողմէ որպէս Ամմանի Ազգային Տեղական Խորհրդի Անդամ, ծառայելով որպէս Խորհրդի եւ Ազգային Հոգեւոր Առաջնորդարանի Ընդհ. Քարտուղար

Հանդիսացած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Վարչական անդամ։

2004-էն մինչեւ այսօրս կը հանդիսանար Ամմանի ՌԱԿ Վահան Թէքէեան Ակումբի Ատենապետ

Ամմանի մէջ հանդիսացած է Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Միացեալ Յանձնախումբի պատասխանատու:

Երկար տարիներով կապ պահելով ՀԲԸՄ-ին, Կիւլպենկեան հաստատութեան հետ երկար տարիներով պահպանած է Հայոց Իւզպաշեան Կիւլպենկեան Վարժարանը։

 

Միշտ աշխատած է կապը պահել Հայաստանի հետ, հայկական մշակոյթը տարածել, պահպանել հայ ինքնութիւնը, Հայ ազգի նկարագիրը, ըլլայ դասախօսութիւններով, մշակութայինն ձեռնարկներով, Հայկական դասընթացքներով, սերմանելով սերը դէպի Հայ ինքնութեան, Հայերէն լեզուին ընտանիքի եւ բոլոր համայնքին մէջ։

Մասնակցած է շատ եւ շատ Սփիւռք Հայրենիք համաժողովներու։

Երկար տարիներով իր տիկնոջ՝ Հելէնի հետ միասին հետեւած է Յիսուս Քրիստոսի Մկրտաւայրի շրջանի Հայոց Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ կառուցումը մինչեւ պաշտօնական բացումը։

Իր ազգանուէր աշխատանքի համար 2013-ին պարգեւատրուած է Մայրենի Դեսպան մետալով ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Հակոբեանի կողմէ եւ 2014-ին Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրուած ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հողմէ։

Ուսումը աւարտելով աշխատանքը սկսած է որպէս maintenance-ի տնօրէն Րամալլայի Սիլվանա Շոքոլայի գործարանի մէջ։

1978-ին երբ Յորդանան տեղափոխուեցաւ եւ մինչեւ 2007 DAD Group-ի 4 գործարաններու, Dar Al Dawa, DAD Vet, Nutridar & Cosmodar, Ճարտարագէտներու բաժնի ընդհանուր տնօրէնը կը հանդիսանար։

2012-էն մինչ օրս ճարտարագիտութեան եւ որակի ապահովման խորհրդատու կը հանդիսանար Omnitrade DrugStore ընկերութեան մէջ։

Աշխատանքի բոլոր վայրերուն մէջ բարձր գնահատուած եւ յարգուած է իր գիտելիքներով եւ իր եզակի մարդու տեսակով։

Դեղագործական արդիւնաբերութիւնն ոլորտի մէջ հսկայական փորձառութիւն ունի՝ ընդգրկելով տեղական և միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արտադրական հաստատութիւններու նախագծում, կառուցում, տեղադրում և գործարկում:

Նախագծած է դեղորայքի գործարաններ ինչպէս Յորդանանի, նոյնպէս եւ Սաուտի Արապիոյ, Սուտանի, Եմէնի, Պաղտատի, Ալճերիոյ եւ ուրիշ երկրներու մէջ:

Դեղագործական հայեցակարգի ուսումնասիրութեան համար իր առաջին ուսուցիչները եղած են Ավստրիայի Biochemie-ի տեխնիկական աշխատակազմը, սկսած 1978 թուականի մարտէն, որոնք եղած են եւ կը մնան Արևմտյան Եվրոպայի դեղագործական տեխնոլոգիայի առաջատարները:

Իրականացուցած է երկար շարք մը Conceptual Master facility layouts, նախագծերը ներառելով դեղագործական լայն շրջանակ, անասնաբուժական, սննդի և կոսմետիկ գործարաններու:

Իր նախագծերու մի քանի ծրագրեր բարձր գնահատուած են FDA-ի աուդիտորներու, դեղագործական փորձագետներու և մասնագետներու կողմէ:

Շարունակ կը թարմացնէր իր գիտելիքները, հետեւելով զարգացումներու, նորարարութիւններու, որը միշտ կը նկատուեր իր դասախօսութիւններու մէջ։

Միշտ ուզելով իր գիտելիքները ծառայեն իր ազգին, Հայրենիքի մէջ դեղի գործարան կառուցելու բոլոր նախագծերը պատրաստած է, տարած է Հայաստան բայց չէ իրականացած։

Պապ, նուիրուելով մեր ընտանիքին, կողակիցիդ - մեր մամային, մեզի, զաւակներուդ եւ քու անունդ կրող թոռնիկիդ, ազգին, աշխատանքին եւ մարդկութեանը, քու բարի սիրտդ, քու ազնուական իմաստուն օրինակելի տիպար նկարագիրդ, յիշատակդ, յարգանքն ու սերը բոլորի մէջ միշտ անթառամ պիտի մնայ։

Թող քու յոգնած սիրտդ, մարմինդ հանգչին, ու լուսաւոր հոգիդ մշտապէս մնայ Տիրոջ անմիջական հովանիին ներքոյ։

Մինչ հանդիպում պապ։