Քառասուն օր է Վահան Դելփեան յաւերժ բաժնուած է այս աշխարհէն։ Օրին տրուած լուրը ցնցեց, անդամալուծեց զիս այնքան, որ հասարակ ցաւակցական խօսք մը իսկ անկարող եղայ գրել կամ ըսել իր ծնողին ու եղբայրներուն, քոյրերուն։
Իր մահը սգացողները, յիշատակը վեր առնող ծանօթները, բարեկամները, արուեստագէտ ընկերները՝ հայ թէ օտար, անխտի՛ր, կեդրոնացան իր նկարիչ-քանդակագործի, տարածք ձեւաւորողի տաղանդին եւ մարդկային անշահախնդիր, բարձր որակին վրայ։
Վահանին ճանչնալու եւ գնահատելու համար սակայն, հարկ է իր էութեան տարբեր երեսներու դրսեւորումներուն ալ ծանօթ ըլլալ։
Կերպարուեստը՝ նկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը եւ արուեստի այլ դրսեւորումներ իր մտաւորական յատկանիշի արտայայտութիւններն էին, ինչպէս այլոց համար գիրն ու գրիչը, երգն ու երաժշտութիւնը, պարը եւ բեմական խօսքը։ Ատ է որ իր ստեղծագործութիւնը խորհրդաւորութեամբ կը պարուրէր, տարբեր կը դարձնէր, եզակիութիւն մը կու տար անոր։
Կարճ եթէ խօսիմ Վահանին մասին, պիտի ըսեմ՝ մարդկային բարձր որակներու եւ յատկանիշներու կուտակում էր ան։
Իր յարաբերաբար կարճատեւ կեանքին ընթացքին անձնական օրինակով ան փշրեց բազմաթիւ կարծրատիպեր․ առաջին հերթին ան հերքեց որ արուեստագէտ յորջորջուողը եսակեդրոն է, առանցք է, որուն շուրջ կը պտտի տիեզերքը։
Վահանը ճանչցանք իբրեւ այլասէր մարդ։ “Այլ”երուն մէջ իր նման մարդու որդիքը չէին միայն, այլ նաեւ կենդանիները, բոյսերը, ընդհանրապէս շնչաւորները, ինչպէս իր նախընտրած անշունչ նախանիւթերը՝ Նեղոսի հռչակաւոր կաւահողէն մինչեւ քարի ու աւազի տարբեր տեսակները, փայտ, մետաղներ:
Իր տաղանդը կերպարուեստագէտի սահմանագիծէն անդին անցաւ ժամանակի ընթացքին։ Այնքան՝ որ ոմանք իր մէջ «ոչ պատկանելիութիւն» տեսան։ Արտայայտուելու իր օգտագործած նախանիւթերը տարբեր էին՝ ներկէն մինչեւ կարծրերը, սակայն արուեստաբանի աչքը երբեք չէր շփոթեր նկարչական թէ քանդակագործական իր ստեղծագործութիւններու պատկանելիութիւնը, թէկուզ անոնք ցուցադրասրահին մէջ իրարմէ հեռու դրուած ըլլային։ Վահանի պատկանելիութիւնը չէր արտայայտուեր օգտագործած նիւթերով կամ թեմաներով, բնակավայրով։ Իրը ամբողջն էր, միջավայրը չէր սահմանափակեր քաղաքով կամ գիւղով, նաեւ անապատը գնահատեց ու ժամանակ մը գնաց հաստատուեցաւ Սուտանի սահմանամերձ գօտի եւ փորձեց անջրդի այդ վայրը բուսականութեամբ զարդարել, անասուն պահել, շրջանին մէջ ապրող պետվիններուն սորվեցնելով ինչպէս օգտուիլ եղեամէն, հաւաքել զայն ու անով ոռոգել անասուններու կեր բոյսը։
Քանի մը տարի առաջ իր հոգածութեան դաշտին մէջ առաւ նաեւ Հայաստանի աղէտահար արագիլները, որոնց թեւերը կուպրով սեւցած էին ու թռչելու անկարող դարձած էին․ անյապաղ, առանց պայմանաւորուելու, ԿԱՄԱՒՈ՛Ր՝ ինքնաթիռ առած էր ու հասած Հայաստան եւ արագիլները փրկելու գործին լծուած։ Անձնապէս իր աշխարհին մէջ խորանալու առիթ չեմ ունեցած, նոյն քաղաքին մէջ ապրած ենք իրարմէ բաւական հեռու, մեր հանդիպումները գրեթէ միշտ ինք նախաձեռնած է, երբ հարկ տեսած է՝ անպայման օրակարգի մը շուրջ, որ զինք կը յուզէր այդ պահուն։
Հետեւաբար, առաւելաբար պիտի ուզէի խօսիլ ա՛յն Վահանին մասին, որուն հետ որոշ ծրագիրներու շուրջ աշխատած եմ, իր մտածումներուն բաժնեկից դարձուցած է զիս։ Առաջին հերթին պէտք է ըսեմ, որ ինչպէս յանձնառու մարդ էր, այնպէս եւ աւելի՝ յանձնառո՛ւ հայ էր ան։ Իր յատկանիշներէն էր զարտուղութեան մէջ կարգապահութիւնը։
Ծնողէն, մեծ ծնողէն ու արիւնակից հարազատներու շրջապատէն ժառանգած էր յանձնառութիւնը։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ յանձնառու մարդ։ Ըստ Վահանի կեանքի օրինակին՝ մտածումով, աշխատանքի թափով եւ անվերապահ մասնակից ըլլալ սեփական ճակատագրի, հետեւաբար համայնքի, ազգի եւ հայրենիքի ներկային եւ ապագայի կերտմանը։ Ասիկա կարելի է այլապէս կոչել քաղաքականացած հայու տեսակ։ Պատանի Վահանը այդ տեսակն էր իր խմորով, որ հետագային զարգացաւ ուսանողութեան տարիներուն, այնուհետեւ՝ ուղեկից դարձաւ իր կեանքի տեւողութեան։
ՀՅԴ պատանեկանի անդամութեան շրջանին, իր աւագ ու կրտսեր եղբայրներուն՝ Լեւոնին եւ Ռաֆֆիին հետ, իր խումբի անդամ տղոց ու աղջիկներուն կողքին պարտաճանաչ մասնակիցն էր այն բոլոր աշխատանքներուն եւ պարտականութիւններուն, որոնք կը յանձնարարուէին իրենց։ 70-ականներու կէսերուն մասին է խօսքը։
Նախքան երիտասարդութեան սահմանագիծ հասնիլը Վահան իր հասակակիցներուն հետ մասնակցեցաւ երիտասարդականի Հայահամարի նախաձեռնութեան, տունէ տուն պտըտելով ու յայտնաբերելով նա՛եւ հայ կեանքէն հեռացածներ ու մոռցուածներ։ Աւաղ այս աշխատանքը երբեք չամփոփուեցաւ ու չօգտագործուեցաւ համայնքի ուսումնասիրութեան, թերութիւնները դարմանելու, առաջնահերթութիւններ ճշդելու եւ համայնքային կեանքը վերակազմակերպելու համար։
80-ականներու սկիզբ արդէն Վահանը կը տեսնենք ծրագրուած այլ աշխատանքի մը նուիրուած՝ Ալ-Ահրամ օրաթերթի համարները՝ 1877-78-էն մինչեւ 1925-26 հրատարակչատան մէջ միքրոֆիլմի մեքենային առջեւ նստած թղթատելու եւ Հայաստանի մասին կամ հայկական օրակարգով բոլոր լուրերը, տեղեկատւութիւնները, յօդուածները կարդալ եւ առանձնացնել, հետագային համարներով պատուիրելու համար անոնց պատճէնահանումը։ Ասիկա նոյնպէս կամաւոր աշխատանք մըն էր, որ այդ օրերուն արդէն երիտասարդութեան դուռը հասած մեր տղոց վստահուեցաւ եւ պատուով գլուխ բերին զայն։ Նոյն օրերուն էր, որ Վահան աշխատանքային օրուան աւարտին իր քաղած օգուտը բացայայտեց ինքնիրեն եւ արտայայտեց, որ պատանեկանի թէ երիտասարդականի մէջ կարդացուած դասախօսութիւններէն այնքան բան չէր տպաւորուած իր մէջ, որքան այս աշխատանքին ընթացքին ստացած տեղեկութիւնները, պատմութեան հոլովոյթին մասին գիտելիքը, որ կեանքի ամբողջ տեւողութեան համար այլեւս դրոշմուած էր իր մէջ։
Իր համալսարանական կրթութեան վերջին երկու տարիներուն, ինքնիր գլխուն որոշած եւ գործադրութեան դրած էր թէզի մը ծրագիրը, որով կʼապացուցէր հայկական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը Եգիպտոսի իսլամական ճարտարապետութեան վրայ, ներառեալ աղօթատեղիներուն։ Այնքան ընդարձակ ու փաստագրուած եղած է իր պատրաստած թէզը, որ մինչ դասախօսը խոստովանած էր, թէ գիտական աւելի բարձր աստիճան ստանալու բաւարար աւարտաճառ էր անիկա, անդին այլազգ ուսանողներ սպառնացած էին իրեն, պահանջելով որ դադրեցնէ նմանօրինակ ուսումնասիրութիւնները։ Բոլորովին կʼանգիտանամ Վահանի այս աշխատանքին ճակատագիրը․ արդեօք օրինակ մը պահա՞ծ էր մօտը։
Հանգուցեալ մեր ընկերը երբ երեւնար ակումբի մուտքին, անպայման հերթական ծրագիր մը ներկայացնելու համար էր այնտեղ, կամ՝ հրաւիրուած էր խորհրդակցութեան մը։ Ինք նախագիծերու անվերջանալի արտադրիչ էր, որոնք սեփական բարօրութեան հետ առնչութիւն չունէին, այլ միայն համայնքային կեանքի աշխուժացման, հարստացման։ Տարօրինակ ալ չէր, որ ինք երբեւէ վարչական մարմիններու անդամ դառնալու ձգտում չցուցաբերեց, ջանաց հեռուէն միայն նախագիծեր ներկայացնելով մասնակից ըլլալ հաւաքականութեան կեանքի զարգացման, միշտ պատրաստ անոնց իրագործման գործօն մասնակցութիւն ունենալու, ԾԱՌԱՅԵԼՈ՛Ւ։
Յետահայեաց ակնարկ երբ կը նետեմ այսօր եւ կը մտածեմ այն կորսուած վաստակին մասին, որ կրնար Վահանինն ըլլալ եթէ վարչական մարմիններն ըլլային աւելի հեռատես, լայնախոհ կամ անվախ՝ ռիսկ աչք առնող, վստահէին եւ որդեգրէին երիտասարդ կամ արդէն հասուն եւ փորձառու մարդու առաջարկները, որոնք հեռանկարային, զարգանալու եւ մեծապէս ուժական դառնալու տարրերը կը կրէին, իրագործուած, արուեստի իր գործերուն առընթեր արդիւնաւորուած վաստակ պիտի ներկայացնէի այսօր։
Արդեօք վարչական մարմնի անդա՞մ, աջակցող ազդեցիկ շրջապա՞տն էր որ պակսեցաւ իրեն ու իր նման ուրիշներու, որոնք մտաւոր եւ հոգեւոր հսկայ եւ հզօր թեւերով օժտուած են, բաւարար ոչ միայն համայնքին թռիչքն ապահովելու, այլեւ բնորդ ձեւացնելու։
Եւ իրօք, օրինաչափութիւն է. նման օժտուածներ երբեք իրենք իրենց չեն ներկայացներ, աթոռի չեն ձգտիր, աստիճաններէ վեր բարձրանալու համար ո՛չ կը շողոքորթեն, ո՛չ ալ կը քծնին։ Իրենք ինքնահաստատուելու համար կարիք չունին աթոռի, պաշտօնի, հանգամանքի եւ այլն։
Կայ սակայն միւս երեսն ալ. չձգտելով պատասխանատու դիրքերու, նախ եւ առաջ ասպարէզը լայն կը բացուի պատահական միջակութիւններու առջեւ, որոնք հանրային կեանքի փէշէն կախուած զայն վար կը քաշեն միայն, ուղղակի հակապատկերը թռիչք ունեցողներուն։
Եւ կը յանգիմ տխուր եզրակացութեան, որ միջակութիւնները եթէ տիրած են այսօր հանրային կեանքին, յանցաւորը իրենց ասպարէզ տուողներն են, տալէ ետք՝ առաջադրանքներով անոնց պարտականութիւնները չձեւակերպողներն են, հաշուետւութեան մեքանիզմը խափանողներն են։ Եւ միայն ակումբի, համայնքի համար չէ խօսքը, այլ նոյն ինքն հայրենիքին ու պետութեանը։
Վահան Դելփեանի յիշատակին նուիրուած խօսքը այս խորհրդածութիւններուն առիթ դարձաւ մէկ պատճառով․ համայնքն իր ամբողջութեան մէջ հերթական կորուստը ունեցաւ, որ շատ աւելի հարուստ աւանդ մը կրնար ձգել եւ չձգեց։ Այս զգացումին անունը ափսոսանք է։
Անհատապէս խոր ցաւ կʼապրիմ երբ կը մտածեմ, որ յաջորդ անգամ երբ Գահիրէ այցելեմ, վաղեմի կրտսեր ընկերոջս հանդիպելու յոյս պիտի չունենամ կամ երբեք պիտի չկապուի հետս համակարգիչով կամ հեռախօսով։
Հաւաքականութեան եւ լիովին չդրսեւորուած յաւերժ հեռացողին համար միայն ափսոսանք ունիմ։ Արդարեւ, մարդիկ անհատաբար թերեւս չեն զգար որ հաւաքական կեանքը կʼաղքատանայ, շուրջ բոլորի անապատը կը լայննայ եւ կը յաւերժանայ ամէն անգամ որ հաւանական վաստակի նախագիծ մը կը վատնուի։ Աւելին՝ ոչ ոք հաշուետու կʼըլլայ այդ մսխումին համար, նոյնիսկ լրջօրէն չի քննուիր պարագան, հետագային ինքնասրբագրումի առիթ ունենալու համար։ Տուժողը միշտ հաւաքականութիւնն է, մանաւանդ յաջորդ սերունդները։
Վերջապէս, անսխալական մարդ չկայ աշխարհի երեսին։ Վահան եւս ճակատագրական սայթաքում ունեցաւ, որ թերեւս իր վաղաժամ մահուան յանգեցուց։ Ատիկա իր ամուսնութիւնն էր այլազգ աշակերտուհուն հետ, որմէ վաստկեցաւ միակ արու զաւակը՝ Քայանը, որ ընտանիքի մականունը շարունակող միակ ժառանգն է, միւսները իգական սեռին կը պատկանին։ Այս մասին խօսելով, երբեք նպատակ չունիմ այլազգին ստորադասելու, այլ պարզապէս մեր վտանգուած տեսակը պահելու խնդիրն է որ լուսարձակի տակ կʼառնեմ, առաւել՝ միջավայրը, որ նման խոտորում չի հանդուրժեր եւ հազարումէկ դժուարութիւններու կը բախի շեղողը։
Վահանը պարագայ մըն է բազմաթիւ պարագաներէն, որոնց հետզհետէ աւելի յաճախ կը հանդիպինք կամ՝ կը լսենք։ Արդեօ՞ք մենք՝ անհատաբար եւ հաւաքաբար, պատասխանատու չենք այս նահանջներուն։ Կը խորհիմ որ ե՛նք, եւ այն ալ ինչպէ՜ս։ Տունէն, եկեղեցիէն ու վարժարանէն ետք ակումբը, մարզարանը, տարատեսակ աշխատանքները, ընկերային շփումներէն մինչեւ պատկանելիութեամբ պայմանաւորուած պարտականութիւններու ստանձնումը, ասպարէզ է, որ արտասահմանի մէջ տրուած է հայու սերունդներուն, որպէսզի աւելի երկար դիմանան օտարութեան մինչեւ բացուին դռները յուսոյ։ Տեղացի միջին եւ միջինէն բարձր դասակարգի տղաքն ու աղջիկները միայն հնարաւորութիւն ունին մարզական կամ ընկերային ակումբի անդամ ըլլալու։ Իսկ մենք ունեցած ենք եւ ունինք, բայց չենք օգտագործեր։ Շէնք ունինք, թատերասրահ, հանդիսութեան սրահներ, ժողովասենեակներ, մէկ մասը լքած ենք, միւս մասը կը դժուարանանք ԼԵՑՆԵԼ, ԿԵԱՆՔՈ՛Վ ԼԵՑՆԵԼ, ԿԵՆՍԱՒՈՐԵ՛Լ։ Պատասխանատուները պէտք է իրենք իրենց հարց տան՝ ինչո՞ւ։
Քանի որ Վահանի յիշատակը այս դառն ու լեղի խօսակցութեան դուռ բացաւ, խորհինք, որ նման տղաքն ու աղջիկներն են որ իրենց անանձնական նուիրումով ու թռիչքով կրնան հաւաքականութեան խնդիրներուն լուծում բերել, սայթաքումներու թիւը անհամեմատ նուազեցնել, եւ նոյն ատեն՝ փրկուիլ։
Այսօ՛ր ծրագրելով եւ գործելով շատերու ապագան կարելի է ուղղել։
Վահա՛ն, սիրելի կրտսեր ընկեր, կը յուսամ վերջին՝ դիմատետրեան գրառումներդ ու անդրադարձներդ երեք լեզուով ամփոփելու ծրագիրդ՝ կինդ, զաւակդ կամ հարազատ եղբայրներդ կʼիրագործեն եւ յիշատակդ մտածումներուդ եւ անդրադարձներուդ ճամբով ալ կը պանծացնեն։
Զաւէն Լիյլոզեան