image

Պաղտատի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու հերթական ժողով

Պաղտատի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու հերթական ժողով

Օրերս, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած է Քրիստոնեայ Համայնքապետներուն Խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցած է նաեւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. կիւլկիւլեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Մասնակցութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. կիւլկիւլեանի`  Այսօր` Սեպտեմբեր  4-ին, Մելինէ Դանիէլ Իսքէնտէր Ազգային Ծերանոցի դահլիճէն ներս կայացաւ Պաղտատի Քրիստոնեայ Համայնքապետներուն Խորհուրդի հերթական նիստը, որուն ներկայ եղաւ Իրաքի Քրիստոնէութեան և այլ կրօններու նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Աղաջանը։

Ժողովին քննարկուեցան Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող զանազան հարցեր։