Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրի նկատմամբ պատժամիջոց հրապարակուած է՝ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս «Քիւրտիստան» բառը հնչեցնելու համար:
Թրքական «Sabah» թերթի փոխանցմամբ՝ իշխանական «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) եւ «Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութիւններու պատգամաւորներու քուէարկութեամբ Պայտեմիր ստիպուած պիտի ըլլայ բաց թողել խորհրդարանի 2 նիստ: Բացի այդ, պիտի սահմանափակուին անոր ճանապարհորդական ծախսերու համար նախատեսուած գումարները:
Յիշեցնենք, որ AKP-ի եւ MHP-ի համատեղ ջանքերով Թուրքիոյ մէջ մշակուած էր օրինագիծ, որու համաձայն պատիժ սահմանուած է այն անձերու նկատմամբ, որոնք Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կ'արտասանեն «Հայոց ցեղասպանութիւն» եւ «Քիւրտիստան» բառերը:
Պայտեմիր Թուրքիա ապրող այն անձերու շարքին է, որոնք կը ճանչնան եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: