image

Օրեր Առաջ Առեւանգուած 5 Լեհերու Ճակատագիրը Ցարդ Կը Մնայ Անյայտ

Օրեր Առաջ Առեւանգուած   5  Լեհերու Ճակատագիրը Ցարդ Կը Մնայ  Անյայտ

Լիբանան-  Լիբանանեան   Պեքաա շրջանին մօտ գտնուող     Քըֆրայա աւանին մէջ   առեւանգուած      Լեհ քաղաքացիներուն  ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ: Նշենք, որ   Լեհաստանի կառավարութիւնը խնդրին հետեւելու նպատակով ստեղծած  է յատուկ մարմին մը նախագահութեամբ  երկրի արտաքին գործոց նախարար՝ Լուպոմիր Զաուրլիքին:  Իր կարգին Լիբանանի  ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլ կապ հաստատած է իր լեհ պաշտօնակիցին հետ  եւ յայտնած , որ  երկրի ապահովական մարմինները  ամէն ճիգ կ'ընեն   առեւանգեալներու ճակատագիրը  ճշդելու համար:  Զաուրլիք, որ  խնդրին առնչութեամբ խօսած է    BBC-ին     ըսած է, թէ մինչեւ այս պահը   առեւնագեալներուն մասին  յստակ տեղեկութիւններ չկան: Ան մերժած է  պարզել    լեհերուն Լիբանան մեկնելու  պատճառները: Նշենք, որ Լիբանանցի  վարորդԻ  մը եւ  5  լեհերուն առեւանգման պատճառները ցարդ կը մնան  անյայտ  եւ ոչ մէկ կողմ  ստանձնած է դէպքին  պատասխանատուութիւնը:   

 

 

Լիբանանեան ապահովական մարմիններ կը շարունակեն   առեւանգուած  լեհերուն որոնման աշխատանքները: