image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Մեծ յաջողութեամբ բեմ հանուած է Մաժակ Թօշիկեանի «Թամարին ճակատագիրը» ներկայացումը

Պոլսոյ մէջ. Մեծ յաջողութեամբ բեմ հանուած է Մաժակ Թօշիկեանի «Թամարին ճակատագիրը» ներկայացումը

Պոլսոյ մէջ, օրերս, հովանաւորութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքի, Աթաթիւրք մշակութային կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցած է Մաժակ Թօշիկեանի «Թամարին ճակատագիրը» ներկայացումը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հովանաւորութեամբ Սահակ Բ. պատրիարքի, Յունուար 26-ին, Աթաթիւրք մշակութային կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Մաժակ Թօշիկեանի «Թամարին ճակատագիրը» ներկայացումը։

Հանդիսութեան մասնակցած են Պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական կառավարիչ Վարդան ծ. վրդ. Գազանեան, Արամ արք. Աթէշեան, Լեւոն արք. Զէքիեան, հոգեւորականներ, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ եւ մշակութասէր բազմութիւն մը, գրեթէ ամբողջութեամբ լեցնելով 2.000 հոգինոց սրահը։

Հանդիսութիւնը սկսած է Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու Քալայճըի բացման խօսքով եւ ապա՝ Էտկար Իկիտեան եւ Մայա Գօճապայ հակիրճ ձեւով ներկայացուցած են Թամարի առասպելը։ Յաջորդաբար, մեծով ու պզտիկով տասնեակ մանուկներ ու երիտասարդներ բեմ բարձրացած են, ներկայացնելու Ախթամարի առասպելական պատմութիւնը, նորօրեայ այժմէական մատուցումով։ Քսան խաղերէ բաղկացեալ հանդիսութիւնը ծայր առած է Ախթամարի գիւղական կեանքով եւ աւարտած՝ Թամարի սիրահարին ծովին մէջ խեղդուելով ու սիրահարներու երկնքի մէջ հանդիպումով։

Սիրոյ պատմութիւն մը, որ յաջող ձեւով ներկայացուած էր բանաստեղծութիւններով, ապա վերածուելով՝ երաժշտութեան։

Հանդիսութիւնը արժանացած է մասնակիցներու բուռն ծափահարութեան եւ աւարտին բոլորը բեմ բարձրացած ու ողջունած են հասարակութիւնը։

Խօսք առած է Մաժակ Թօշիկեան եւ ըսած, թէ արտասահման գաղթած Պոլսոյ սիրահար անձի մը համար աննկարագրելի էր այս ծրագրին յաջողութիւնը։ Ան շեշտած է, թէ հանդիսութիւնը իրականացած էր պոլսահայ ներուժով եւ այս մէկը առիթ պիտի դառնար պոլսահայութեան մշակութային ջիղը ներկայացնելու թուրք եւ հայ հասարակութեան։

Հուսկ բանքը արտասանած է Պատրիարքը եւ յատկապէս նշած. “Այս ներկայացումը Հայ համայնքին նուէրն է այս հողերուն եւ մարդկութեան։ Յատկապէս Հայ ժողովուրդին մէջ նշանաւոր դարձած այս սիրոյ պատմութիւնը, շնորհիւ Մաժակ Թօշիկեանի մարմին առաւ տարբեր շունչով։ Եւ այս մէկը կատարուեցաւ պոլսահայ տասնեակ երիտասարդներու միջոցով։ Ապրի՛ք տղաք, շատ ապրի՛ք։ Այսօր կը հպարտանանք ձեզմով”։