image

Սուրիական «հրաբուխ»ը եւ ... Ասատի ճակատագիրը

Սուրիական «հրաբուխ»ը եւ ... Ասատի ճակատագիրը

 Աղբիւրը եզրակացնելով իր կատարած լրատւութիւնը կը նշէ, իր Ասատի օդանաւին մէջ կը գտնուէին սեւ պայուսակներ՝ առանց նշաններու, կանխիկ գումարներով-, որոնց մէջ առնուազն 500 000 տոլար կար, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր, համակարգիչներ եւ կոշտ սկաւառակներ (Hard drive)։

 Այս բոլորը նշելէ բացի արժանահաւատ գործակալութիւնը չէ նշած, թէ ինչ տեսակի թղթածրարներ կային Ասատը դէպի Մոսկուա փոխադրող օդանաւուն վրայ ու շատ հաւանական է, որ այդ առումով նոր բացայայտումներ չըլլան։ Խնդիրը հոս չէ, խնդիրն այն է, որ Ռուսիան ինչ «գին»ով ընդուած է Ասատը եւ արդեօք յառաջիկայ ժամանակներուն այդ գինը պիտի փոխո՞ւի, կամ Մոսկուան պատրաստ պիտի ըլլայ այս անգամ նոր գին մը նշանակելով Ասատը արտայանձնել  իր գահը ստանձնած Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն։

 Պատասխան մը տալը բարդ է եւ գրեթէ անկարելի։ 

 

 

Սուրիոյ շուրջ խմորումները կը շարունակուին։ Հիմնական հարցը, որ երեւելի դարձաւ Ասատեան վարչակարգին տապալումէն ետք ներքին միասնութեան եւ հողային ամբողջականութեան հարցն է։ Ու խորքին մէջ այս հարցով է նաեւ, որ շրջանային խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը փորձեն «կարկտան»ի ձեւ առած երկիրը իրենց կողմը քաշել...։ 

 Գրեթէ ամիս մը առաջ էր, երբ ամերիկեան ազդեցիկ լրատուամիջոցներ խօսելով Սուրիոյ այսօր պարզած իրավիճակին մասին կը յարէին, որ ԱՄՆ,ի համար Սուրիոյ մէջ «խաղացող» երկու կողմեր կան։ Մէկ կողմը, որ ներկայութիւն, ռազմական ներուժ, կամ բանակային ամրակէտէր չունի Սուրիոյ մէջ՝ Իսրայէլն է։ Իսկ միւս կողմը, որ բոլոր առումներով կը համարուի հիմնական խաղացող՝ Թուրքիան է։ Թուրքիան նաեւ կը համարուի Սուրիոյ մէջ եղած իշխանափոխութիւնէն ետք երեւցած ուժերուն (մեծ հաշուով, ոչ քաղաքական այլ զինուորական-զինեալ ուժեր) հիմնական հովանաւոր։ Բաց աստի մինչեւ այս պահը, Անգարա ունի ռազմական ներկայութիւն, յենակէտեր ու զինեալ խմբաւորումներու կարեւոր մէկ մասը կը համարուի Թուրքիոյ աջակից եւ անոր քաղաքական գիծին ու մօտեցումներուն հաւատարիմ ուժ։

 Այս բոլորը անշուշտ շեշտակիօրէն երեւելի դարձան այն պահուն, երբ Ասատ փախուստ տուաւ Սուրիայէն։ Բայց եւ այնպէս այսօր գոյութիւն ունի բոլորովին այլ եւ նոր իրավիճակ մը, որուն ընդհանուր խորագիրը հարկ է համարել «Ինչպէս կերտել ինքնիշխան եւ ամբողջական Սուրիա» մը, եւ այդ խորագրին «տէրն ու ծառան» կը համարուի Սուրիոյ փոխանցման փուլի առաջնորդը, նախագահ՝ Ահմատ Ալ Շարըհը։ Ու հոս է նաեւ, որ ծագեցան որոշակի հարցեր, որովհետեւ բոլոր խաղացողներուն համար եւ իւրաքանչիւրիը շահերէն մղուելով այդքան ալ ողջունելի չէ, պիտի չըլլայ նկատել կեդրոնական ուժ, հզօր բանակ եւ հողային ամբողջականութեան տէր հանդիսացող իշխանութեան մը գոյութիւնը այդ երկրին մէջ։

 Ու եթէ այս բոլորը հաշուի առնենք, ապա արագօրէն պիտի եզրակացնենք, որ Սուրիոյ շուրջ ընթացող բաւականին սուր, բայց եւ այնպէս յաճախ անտեսանելի պայքարը տակաւին պիտի շարունակուի երկար ժամանակով։ 

 Դարձեալ ամերիկեան աղբիւրներուն ընելով յղումս հարկ է մէջբերել ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի տեսակէտները, ըստ որուն, Սուրիան պէտք է «բարյաջող» կերպով «բաժնուի» Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

 Միջազգային հանրութիւնը, որ մասամբ վարժ դարձաւ լսելով Թրամբի մօտեցումները, որոնք շատ յաճախ մէկ օրէն միւսը կրնան փոփոխութիւններ կրել, երբեք ալ չզարմացաւ այդ խօսոյթէն։

 ԱՄՆ յստակ է, որ ունի թելադրանքներ եւ մտածումներ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր կացութեան առընթեր, բայց ըստ երեւոյթին, ԱՄՆ երբեք պատրաստ չէ միջամտութիւններ կատարել, իր ունեցած պատկերացումները իրականութիւն դարձնելու համար։

 Այս մեթոտը կը կիրարուի ամենատարբեր երկիրներու պարագային, հետեւաբար նոյնը կարելի է ըսել Սուրիոյ պարագային։ Թարամբի վարչակազմին համար կարեւոր է, որ Սուրիան «հակառակորդ» երկիր մը չըլլայ, «բաց դաշտ» չըլլայ ԱՄՆ-ի հակառակորդներուն ու յատկապէս Իրանին եւ Ռուսիոյ ու անկէ զատ ամէն ինչ «տանելի» ու նոյնիսկ «ընդունելի» է։

 Ու այս յարաբերակցութեամբ է, որ ԱՄՆ նախագահը խորհուրդ կուտար Իսրայէլին եւ Թուրքիոյ, որպէսզի իրենց միջեւ «բաժնեն» Սուրիան, թէ ինչպէս, կամ ինչ ձեւաչափով երկրորդական է...։ 

 

 Քաթար կարեւոր մասնակից 

 Բնաւ զարմանալի չէ, որ Քաթար Սուրիոյ նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւնները պայմանաւորէ գազի ներուժի ու այդ կազի արտահանման համար յարմար ճանապարհներ գտնելու մտասեւեռումներով։

 Ու ճիշդ այդ առումով է նաեւ, որ  Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն ազդեցիկ դեր ունեցած երկիրը կը փորձէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ իր ունեցած կապը աւելիով ամրացնել։ 

 Ու թերեւս այս ծիրին մէջ պէտք է դնել Քաթարի հին-նոր մերձեցումը Ռուսիոյ (կամ Ռուսաստանի) հետ։ 

 Բոլորս քաջ գիտենք, որ Քաթար- Ռուսաստան բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները նորութիւն չեն։ Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն Մոսկուա կարեւոր ճիգեր գործադրել Տոհայի ճամբով «խօսելու»  այն խմբաւորումներուն հետ, որոնք կը հովանաւորուէին Քաթարի կողմէ։

 Ռուսաստան այդ ժամանակ, ոչ միայն խաղացող էր Սուրիոյ մէջ, այլ նաեւ ունէր օրակարգ թելադրող հիմնարար դեր։

 Այսօր բոլորովին նոր դրութիւն է, ու հակառակ Սուրիոյ մէջ ընթացող Սէուտական Արաբիա- Թուրքիա դերաբաշխումին Քաթար կարգ մը առումներով կը շարունակէ ունենալ կարեւոր ըսելիք՝ դերակատարութիւն։

 Օրերս Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Սանիի Մոսկուա տուած այցելութիւնը եւ այդքան «ջերմ» ընդունելութեան արժանանալը ցոյց կուտայ ստեղծուած նոր իրավիճակին յարակից գիծերը։ 

 Ի՞նչ «կ՚ուզէ» Ռուսիան Քաթարէն եւ ատոր դիմաց, ինչ պատրաստ է տալ Մոսկուան ՝ Տոհային։

 Կարեւորագոյն թղթածրարներ կան Փութին- Պըն Համատ Ալ Սանիի սեղանին ու այդ կարեւորութեան շրջանագիծին մէջ է բնականաբար Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի «հարց»ը կամ «ճակատագիր»ը ու հաւանաբար այս առումով է, որ  «Ռօյթըրզ» կը տարածէր «բովանդակալից» լուր մը, ըստ որուն Ասատ Դամասկոսէն հեռացած պահուն իր հետ տարած էր կարեւոր հնչեղութիւն ունեցող թղթածրարներ։

 Թէ ինչ են այդ թղթածրարները տակաւին պարզ չէ (ու պարզ կրնայ չդառնալ), բայց այն որ այս լուրին, այս «նեղ պահուն» հրապարակուիլը բնաւ պատահական չէ, որուն «հետեւանք»- արդիւնքները երեւելի կը դառնան (կրնան դառնալ) աւելի ուշ։

 Մոխրագոյն յարաբերութիւններ են Սուրիոյ շուրջ, երէկուան «տէրերը» այսօր դիտողներ են, հակառակորդները «գործընկերներ», իսկ զոհը, «տէրն ու ծառան» նոյնն են՝ սուրիացի վիրաւոր եւ այլափոխուած ժողովուրդը։

 

Պաշշար Ասատին մասին նոր եւ կարեւոր հրապարակում 

ետին գտնուող կազմակերպութիւններու ցանցը, յայտնած է Reuters-ը:

 Ըստ «Ռօյթըրզ» գործակալութեան Ասատի գլխաւոր խորհրդականներէն՝ Եասէր Իպրահիմ կազմակերպած է անոր «հեռացման»  օդանաւի վարձակալութիւնը՝  նախագահի նարժէքաւոր ունեցուածքը, հարազատները, օգնականները եւ նախագահական պալատի աշխատակիցները դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տեղափոխելու համար: Աղբիւրը նշած է, որ Embraer Legacy 600 օդանաւը չորս անընդմէջ թռիչք կատարած է դէպի Սուրիա։ Իսկ Ասատի «վերջնական» հեռացումը եղած է 8 դեկտեմբերին ռուսական «Հմէյմիմ» ռազմական օդակայանէն։ 

 Աղբիւրը եզրակացնելով իր կատարած լրատւութիւնը կը նշէ, իր Ասատի օդանաւին մէջ կը գտնուէին սեւ պայուսակներ՝ առանց նշաններու, կանխիկ գումարներով-, որոնց մէջ առնուազն 500 000 տոլար կար, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր, համակարգիչներ եւ կոշտ սկաւառակներ (Hard drive)։

 Այս բոլորը նշելէ բացի արժանահաւատ գործակալութիւնը չէ նշած, թէ ինչ տեսակի թղթածրարներ կային Ասատը դէպի Մոսկուա փոխադրող օդանաւուն վրայ ու շատ հաւանական է, որ այդ առումով նոր բացայայտումներ չըլլան։ Խնդիրը հոս չէ, խնդիրն այն է, որ Ռուսիան ինչ «գին»ով ընդուած է Ասատը եւ արդեօք յառաջիկայ ժամանակներուն այդ գինը պիտի փոխո՞ւի, կամ Մոսկուան պատրաստ պիտի ըլլայ այս անգամ նոր գին մը նշանակելով Ասատը արտայանձնել  իր գահը ստանձնած Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն։

 Պատասխան մը տալը բարդ է եւ գրեթէ անկարելի։ 

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...