image
Հրատապ լուրեր:

Օր 14. Պատերազմ նաւթով. Կամ «Կազի պատերազմ»ը

Օր 14. Պատերազմ նաւթով. Կամ «Կազի պատերազմ»ը

Հոս նաեւ կը վերադառնայ հին-նոր հարցումը, որ արդեօք իր տնտեսութեան հիմնական առանցքը հեղուկ կազի վրայ կառուցած Եւրոպան պիտի կարողանայ դիմակայել, եթէ Ռուսաստան ինք դադրեցնէ կազի հոսքը դէպի Եւրոպական երկիրներ, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակուի բնականոն կերպով։

 

 Տնտեսական պատերազմը կը սաստկանայ 

 

 Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին Ուքրանիոյ տագնապը կը թեւակոխէ «Տնտեսական պատերազմ»ի ամենաթէժ փուլը։

 Այսօր, պատերազմի 14-րդ օրն է, բացայայտօրէն երեւելի կը դառնայ, որ նաեւ կազի կամ նաւթային գործիքակազմի մեծ հիմքեր ունեցող այս պատերազմը կը դառնայ դէպի U Turn կէտ մը, որմէ խուսափիլը դարձաւ անկարելի։

 Ինչ ըսել կուզենք, երբ կը խօսինք U turn-ի մասին բացատրեմ։

 Նախ այն, որ այս ահաւոր պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ, բոլոր կողմերն ալ առանց վերապահութիւններու կամ իրերը թաքցնելու փորձ ընելու։ Հիմա կարծէք մտանք «կարմիր գիծերը հատած են»  հ փուլին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ բերանով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին յայտարարեց, որ ԱՄՆ այսօրուընէ սկսեալ արգելք պիտի դնէ Ռուսաստանէն ներկրուած նաւթի կամ կազի պաշարներուն։

 

Ռուսաստանը, որ կը համարուի կազ արտադրող ամենախոշոր երկրորդ երկիրը, ամէնօրեայ դրութեամբ 7 միլիոն տակառ նաւթ արտադրութեամբ պիտի մատնուի նոր ամպարկոյի եւ պատիժի, այդպիսով ալ զրկուելով իր եկամուտներու գլխաւոր մասէն։

 

 Ամերիկացիք, որ վերջին օրերուն կը խօսէին իրենց ունեցած «ազգային անվտանգութեան պահուստ»էն որոշ քանակ մը «արձակելու» եւ տեղական շուկաները ողողելու ընտրանքին մասին, այսօր արդէն մտան խաղին մէջ, բառին ամբողջական առումով։ 

 Հոս նաեւ կը վերադառնայ հին-նոր հարցումը, որ արդեօք իր տնտեսութեան հիմնական առանցքը հեղուկ կազի վրայ կառուցած Եւրոպան պիտի կարողանայ դիմակայել, եթէ Ռուսաստան ինք դադրեցնէ կազի հոսքը դէպի Եւրոպական երկիրներ, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակուի բնականոն կերպով։

 Այս հարցումն է անշուշտ, որ կը մտատանջէ վերլուծաբանները, որոնցմէ շատ-շատեր մտավախութիւն յայտնած են, որ եթէ Ռուսաստան երթայ այդ քայլին, եւ իր կարգին պատժէ Եւրոպան, ապա նաւթի տահառին սակագինը մօտիկ անցեալի 80 ամերիկեան տոլարի սակագինէն կրնայ հասնիլ 300 ամն տոլարի, բան մը, որ կրնայ ստեղծել լրջօրէն տագնապալի վիճակ եւ փլուզման եզրին հասցնել Եւրոպայի, արդէն իսկ ոչ այդքան բարւոք վիճակ ունեցող տնտեսութիւնը։

 Ասոր կողքին նաեւ այս տագնապը կրնայ պատճառ դառնալ, որ եւրոպայի տարածքով մէկ ընթացք առնեն բողոքի մեծ ալիքներ, պատճառ դառնալով անշուշտ ներքին անկայունութեան ու նոյնիսկ քաղաքական անորոշութեան։  Այս բոլորը անշուշտ հարկ է տեղադրել «ով աւելի առաջ ախ մը կը քաշէ» տրամաբանութեան մէջ, ու նաեւ փաստարկել, որ Ռուսաստանին դէմ սահմանուած այս պատիժները կրնայ «պումէրանկ»ի ազդեցութիւն ունենալ, պատիժը սահմանող կողմերուն վրայ։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...