Օմրան Խան Մահափորձի ենթարկուած

  Օմրան Խան Մահափորձի ենթարկուած

Փաքիստանի նախկին վարչապետ՝ Օմրան Խան այսօր մահափորձի ենթարկուած է։

 

 Այս մասին լուրը յայտնեց Sky News Arabya  կայանը նշելով, որ Խանի վրայ կրակ բացող անձը վնասազերծուած է։

 

 Դէպքը պատահած է Փաքիստանի Ուազիրապատ  քաղաքին մէջ, ուր Խան ելոյթ կ՚ունենար իր համակիրներուն առջեւ, որոնք վաղահաս ընտրութիւններու պահանջով հաւաք կը կատարէին։

Նշենք, որ Փաքիստանի մէջ գրանցուած ներ-քաղաքական տագնապը կարեւոր սրացում կ՚ապրէր, երբ Խան հանդէս սկսաւ գալ հակամերիկեան դիրքերէ։

Ներկայիս Փաքիստանի վարչապետի պաշտօնը կը վարէ Շէհպազ Շէրիֆը, որ այդ պաշտօնին վրայ է անցեալ ապրիլէն սկսեալ։