Արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ: Երէ ժամը 14:10–ի սահմաններուն «Աշտարակ» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Աշտարակի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «աջ ազդրի վերին ստորին երրորդականի, աջէն թեւատակի շրջաններու արջի կծած, պատռած եւ վէրքեր» ախտորոշամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:
Հիւանդանոց ժամանած ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Օհանաւան գիւղի բնակիչ, 68-ամեայ Հայրապետ Հայրապետեանն է, որ ժամը 13:30-ի սահմաններուն եղած է Օհանաւան գիւղի վարչական տարածքին մէջ գտնուող ձորին մէջ, ուր սիպեխ կը հաւաքէր, երբ արջը իր 2 քոթոթներու հետ յարձակած է անոր վրայ, պատճառելով նշուած վնասուածքները:
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Աշտարակի բաժնի հետաքննական բաժանմունքի հետաքննիչին կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: