image

Օդի աղտոտուածութեան ցուցանիշերը անբարենպաստ են, ոչ թէ վտանգաւոր

Օդի աղտոտուածութեան ցուցանիշերը անբարենպաստ են, ոչ թէ վտանգաւոր

Օդի աղտոտուածութեան ցուցանիշերը անբարենպաստ են, այլ ոչ թէ վտանգաւոր մակարդակի վրայ։ Այս մասին գրած է օդերեւութաբանութեան եւ դիտարկման կեդրոնը՝ ներկայացնելով Երեւանի մթնոլորտային օդի որակը 19-25 նոյեմբերին։

Փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտացման մակարդակը․

Կեդրոնի մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,

Արաբկիրի մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,

Շենգաւիթի մէջ՝ 25 նոյեմբերին,

Նոր Նորքի մէջ՝ չէ գերազանցած։

Բորակածին երկթթու (Nitrogen dioxide) պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտացման մակարդակը․

Կեդրոնին մէջ՝ 19 նոյեմբերին,

Արաբկիրին մէջ՝ 20 նոյեմբերին,

Նոր Նորքին մէջ՝ 22 նոյեմբերին,

Շենգաւիթին մէջ՝ 25 նոյեմբերին։

Ծծումբի երկթթուի պարունակութիւնը չէ գերազանցած սահմանային թոյլատրելի խտացման մակարդակը:

Առաջիկայ 5 օրերուն հակակիկլոնի (anticyclone) կեդրոնը պիտի շարունակէ մնալ հանրապետութեան տարածքին մէջ՝ դանդաղեցնելով օդափոխանակութիւնը։ Ուստի անգամ մը եւս կը յորդորենք քաղաքացիները չայրել չոր տերեւներն ու ընձիւղները, չնպաստել օդի աղտոտուածութեան յաւելումին եւ հետեւիլ միայն օդի աղտոտուածութեան վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկատուութեան։