Յունիս 13-ին, ժամը 04։49-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Նուպարաշէնի աղբավայր չհասած`ինքնաշարժերու շուկայի մօտակայքը, հրդեհ բռնկած է։
Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳ նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Նուպարաշէնի աղբավայրին մէջ։
Յայտարարուած է հրդեհի բարդութեան «1 Բիս» աստիճան․ դէպքի վայր մեկնած են ՆԳ նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչության հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն եւս երեք մարտական հաշուարկ եւ Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը։
Դէպքի վայրին մէջ աշխատած են ՆԳ նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը եւ 4 ջրատար։