image
Հրատապ լուրեր:

Նուպարաշէն աղբավայրի հրդեհը կը շարունակուի

Նուպարաշէն  աղբավայրի հրդեհը կը շարունակուի

Յունիս 13-ին, ժամը 04։49-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Նուպարաշէնի աղբավայր չհասած`ինքնաշարժերու շուկայի մօտակայքը, հրդեհ բռնկած է։

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳ  նախարարութեան փրկարար ծառայութեան  Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Նուպարաշէնի աղբավայրին մէջ։

Յայտարարուած է հրդեհի բարդութեան «1 Բիս» աստիճան․ դէպքի վայր մեկնած են ՆԳ  նախարարութեան փրկարար ծառայութեան  Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչության հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն եւս երեք մարտական հաշուարկ եւ Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը։

Դէպքի վայրին մէջ աշխատած են ՆԳ  նախարարութեան փրկարար ծառայութեան  Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը եւ 4 ջրատար։