image
Հրատապ լուրեր:

Նուիրեալներ.Նահատակուած է ՀՅԴ անդամ՝ Յակոբ Ռոստոմեանը

Նուիրեալներ.Նահատակուած է ՀՅԴ անդամ՝ Յակոբ Ռոստոմեանը

Մարտի դաշտին մէջ հերոսաբար զոհուած է պահեստազօրի աւագ լեյտենանտ, կամաւորական Յակոբ Արայի Ռոստոմեանը։

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային եւ «Ռուբէն» կոմիտեները պահեստազօրի աւագ լեյտենանտ, կամաւորական Յակոբ Արայի Ռոստոմեանի զոհուելու կապակցութեամբ  ցաւակցագիր յղած են Ռոստոմեաններու ընտանիքին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Խոր ցաւով կը տեղեկացնենք, որ մարտի դաշտին մէջ հերոսաբար զոհուած է պահեստազօրի աւագ լեյտենանտ, կամաւորական Յակոբ Արայի Ռոստոմեանը։  Դժուար է բառերով արտայայտել այն ափսոսանքն ու ցաւը, որ կը զգանք։ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային եւ «Ռուբէն» կոմիտեները իրենց վշտակցութիւննը կը յայտնեն Ռոստոմեաններու ընտանիքին եւ հարազատներուն»: