image

Նուիրական առաքելութեան նոր փուլը. Վեր. Ժիրայր Ղազարեանի կոչման արարողութիւնը (Լուսանկար)

Նուիրական  առաքելութեան նոր փուլը. Վեր. Ժիրայր Ղազարեանի  կոչման արարողութիւնը (Լուսանկար)

 

Յուսադրիչ  լուր մը ստացանք Պէյրութէն։ Աշխարհատարած  եւ մեզի  համար շատ Հայ Աւետարանական համայնքը օժտուած է նոր  վերապատուելիով մը՝  յանձինս Վեր.Ժիրայր Ղազարեանը, որ անցնելով   կրօնական եւ համայնքային   ծառայութեան հիմնարար  փուլերը վերակոչուած է   Վերապատուելի  եւ ստանձնած  Պէյրութի Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ հովուական    առաքելութիւնը։

 Այս մասին աւելի մանրամասն   տեղեկութիւնը ներկայացուած է  Մերձ. Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու (ՄԱՀԱԵՄ)  դիմատետրի պաշտօնական էջին կողմէ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

 

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) իր հոգեւոր հովիւներէն մէկուն՝ Ժիրայր Ղազարեանի ձեռնադրութիւն եւ «Վերապատուելի» կոչում շնորհեց Կիրակի երեկոյ, 26 Փետրուար 2023ին, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ։ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի նախագահութեամբ, բազմաթիւ Հայ Աւետարանական եւ այլ կղերականներու մասնակցութեամբ, եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, պաշտամունքը կատարուեցաւ Վեր. Ղազարեանի պաշտօնավարած եկեղեցիին մէջ։ ՄԱՀԱԵՄի Ձեռնադրութեան Յանձնախումբի յանձնարարութեամբ եւ Միութեան Համաժողովի վաւերացմամբ՝ նորընծան հրապարակաւ իր հովուական ուխտը կատարեց, որմէ առաջ իր հաւատքի վկայութիւնը արտասանեց ժողովուրդին։ Գնահատելի էր նաեւ միջ-եկեղեցական ներկայութիւնը - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերապայծառը, Լիբանանի Արաբ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտողարը, Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաղորդակցութեան Ընդհանուր Քարտողարը, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցի Նախագահը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչը, եւ Պետական Երեսփոխան Էտկար Թրապուլսիի ներկայացուցիչը: Շնորհաւորագրեր կարդացուեցան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Պրն. Զաւէն Խանճեանէն եւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական Համայնքներու Գերագոյն Խորհուրդի Պետ Վեր. Ճոզէֆ Քասսապի կողմէ: Պաշտամունքը երգեցողութեան նուագակցութիւնը գեղեցկօրէն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հնգեակով, իսկ արարողոթեան աւարտին՝ գոհունակ ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։