Միացեալ Նահանգներու հարաւ-արեւմտեան Սան Տիեկօ շրջանի դատաւոր Տանա Սապրօ հրաման արձակած է 30 օրուան ընթացքին միաւորել այն ընտանիքները, որոնց անդամները իրարմէ հեռացուած են Մեքսիքոյի սահմանին, նախագահ Թրամբի որոշմամբ:
«Ալ Ճումհուրիէ» լրատուական կայքին համաձայն, դատաւոր Տանա Սապրօ նշուած որոշումը կայացուցած է ի պատասխան Քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցած բողոքին, ըստ որուն կազմակերպութիւնը կը պնդէր, որ անհրաժեշտ է երեխաները յանձնել իրենց ծնողներուն, եթէ վերջիններս վտանգ չեն սպառնար հասարակութեան:
Կազմակերպութիւնը պահանջի կիրառման համար ժամկէտ սահմանած էր 14 օր՝ հինգ տարեկանէն փոքր երեխաներու համար, եւ 30 օր՝ հինգ տարեկանէն բարձր երեխաներուն համար: