Ռուսական «Փրաւտա» թերթի էջերուն լոյս տեսած է ռուս գրող Տիմիդրի Ներսէսովի «Նոր Սուրիան ռուսական Սոչիի մէջ պիտի ծնի» խորագիրը կրող յօդուածը, ուր անդրադարձ կը կատարէ «Սուրիոյ ժողովուրդներու համագումար»ին, որ Ռուսիոյ կողմէ վերանուանուեցաւ «Ազգային երկխօսութեան համագումար», եւ տեղի պիտի ունենայ Սոչիի համալիրին մէջ, նոյեմբերի կէսերուն:
Գրողը նշած է, որ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 1300 անձ, որոնք պիտի ներկայացնեն Սուրիոյ կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ խմբաւորումներ, ինչպիսիք են քիւրտերը, թուրքմէնները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններ:
Համագումարին մասին խօսելով, Ռուսաստանի նախագահ Փութին նշած էր, որ այն դրական քայլ պիտի ըլլայ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 2017 թուականի սկիզբը ռուս փորձագէտներ Սուրիոյ համար նոր սահմանադրութեան նախագիծ ներկայացուցած էին, որուն Սուրիոյ կառավարութիւնն իր պատասխանը չէր տուած, բան մը, որ տպաւորութիւն ձգած էր, թէ սուրիական նոր սահմանադրութեան մասին խօսելու համար տակաւին շատ շուտ է, որովհետեւ պատերազմական գործողութիւնները չեն աւարտած:
Մինչդեռ անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարն ու նախագահ Փութին ակնարկած էին, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժն իր առաքելութիւնը կատարած է, եւ ահաբեկիչներու դէմ պայքարն իր աւարտին մօտեցաւ:
Գրողը նշած է, որ. «Սուրիոյ նախագահ Ասատի կարծիքով, Սուրիոյ մէջ կառավարութեան դէմ պայքարող միակ ուժերը ահաբեկիչներն են, սակայն Մոսկուա նոյն կարծիքի չէ, մանաւանդ, որ վերջին ամիսներու ընթացքին Ռուսիոյ յարաբերութիւններ Եգիպտոսի եւ Սէուտեան Արաբիոյ հետ դրական յառաջխաղք արձանագրեցին»:
Յօդուածագիրը պատմած է նաեւ, որ Սէուտեան Արաբիոյ թագաւորին Ռուսիոյ կատարած այցի ժամանակ կողմերը համաձայնութեան եկած են, որ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հարցին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Սուրիոյ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը, պայմանաւ, որ արաբական կողմն իր բարեկամները համոզէ Սուրիոյ մէջ, իսկ ռուսական կողմը ապահովէ Սուրիոյ կառավարութեան ճկունութիւնը:
Ներսէսով շեշտած է, որ ճգնաժամի լուծումէն ետք Ռուսիա պիտի շարունակէ իր դերն ունենալ Սուրիոյ մէջ, եւ մտադիր է նաեւ իր դեր ունենալ Սուրիոյ նոր կազմուելիք սահմանադրութեան նախագիծը կազմելուն մէջ, հետեւաբար համագումարը Սոչիի մէջ կազմակերպելը պիտի օգնէ չէզոքացնելու որեւէ օտարերկրեայ ուժի միջամտութիւնը:
Յօդուածագիրին կարծիքով, Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2017 թուականի աւարտը, երբ, ըստ ՄԱԿ-ի, տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները: