Սուրիոյ մէջ փաստացի իշխանութեան եկած Ահմատ Շարըհ, որ յայտնի է նաեւ որպէս Ապու Մուհամետ ալ Ճուլանի, յայտարարած է, որ երկիրը ուժասպառ եղած է պատերազմէն եւ վտանգ չի ներկայացներ հարեւաններու կամ Արեւմուտքի համար: Ան այս մասին ըսած է BBC-ին տուած հարցազրոյցին:
Ան նաեւ կոչ ըրած է չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները:
«Այժմ, այն ամէնէն ետք, ինչ տեղի ունեցաւ, պատժամիջոցները պէտք է հանուին, քանի որ ատոնք ուղղուած էին հին ռեժիմի դէմ, պէտք չէ նոյն կերպ վարուիլ զոհի եւ ճնշողի հետ»,-ըսած է ան։
Շարըհ առաջնորդած է նոյեմբերի վերջը սկսած եւ դեկտեմբեր 8-ին Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալմամբ աւարտած կայծակնային յարձակումը: Ան «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» խմբաւորման առաջնորդն է:
Անոր խօսքով՝ «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»-ը պէտք է հեռացուի ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն: Այն ահաբեկչական ճանչցուած է ՄԱԿ-ի, ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ կողմէ, քանի որ եղած է «Ալ Քաիտա» ահաբեկչական խմբաւորման մէկ թեւը, սակայն անկէ անջատուած է 2016 թուականին:
Ահմատ Շարըհ պնդած է, թէ «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»ը ահաբեկչական խմբաւորում չէ, քանի որ չէ թիրախաւորած խաղաղ բնակիչները կամ քաղաքացիական տարածքները: Իրականութեան մէջ անոնք իրենց կը համարեն Ասատի ռեժիմի յանցագործութիւններու զոհ։
Շարըհ հերքած է, որ կ՚ուզէ Սուրիան վերածել Աֆղանստանի տարբերակի։
Անոր խօսքով՝ Սուրիան եւ Աֆղանստանը շատ տարբեր են. Աֆղանստանի մէջ ցեղային հասարակութիւն էր, իսկ Սուրիոյ մէջ, անոր խօսքով, այլ մտածելակերպ է:
Շարըհ նաեւ ըսած է, որ կողմ է կանանց՝ կրթութիւն ստանալուն:
«Մենք Իտլիպի մէջ համալսարաններ ունինք աւելի քան ութ տարի»,- ըսած է Շարըհ՝ նկատի ունենալով Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան նահանգը, որ 2011 թուականէն ի վեր կը գտնուի ապստամբներու վերահսկողութեան ներքոյ:
«Կը կարծեմ՝ համալսարաններուն մէջ կանանց տոկոսը 60%-էն աւելի է», - ըսած է ան։
Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք պիտի թոյլատրուի ոգելից ըմպելիքներ օգտագործելը, Շարըհ ըսած է. «Շատ բաներ կան, որոնց մասին ես ուղղակի իրաւունք չունիմ խօսելու, քանի որ ատոնք իրաւական խնդիրներ են»:
Ան աւելցուցած է, որ պիտի ըլլայ «իրաւաբանական փորձագէտներու սուրիական կոմիտէ՝ սահմանադրութիւն գրելու համար»:
«Անոնք պիտի որոշեն: Եւ որեւէ ղեկավար կամ նախագահ պէտք է հետեւի օրէնքին», - եզրափակած է ապստամբներու ղեկավարը:
BBC-ն նկատած է, որ շատ սուրիացիներ չեն հաւատար անոր։ Սուրիոյ նոր կառավարիչներու գործողութիւններն առաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին ցոյց պիտի տան, թէ ինչպիսի երկիր անոնք կ՚ուզեն դարձնել Սուրիան եւ ինչպէս կ՚ուզեն կառավարել այն: