Առաջին անգամը չէ, որ բացայայտօրէն կը խօսուի Ատրպէյճանի բռնակալական համակարգին մասին։
Ներքին ճակատի վրայ կաշառակերութիւն, անարդարութիւն եւ բռնաճնշումներ, իսկ արտաքի ճակատի վրայ խորամանկութիւն, շողոքորթութիւն եւ «նաւթատոլար»ային փտտած համակարգ։
Այս բոլորին մասին կը խօսի մեկնաբան Սագօ Արեան, որ մասնաւորապէս օրինակ կը բերէ Ատրպէյճանի բանակին մէջ տիրող անմխիթար իրավիճակը։
Հակառակ «յաղթանակած» ըլլալու երեւոյթին Ատրպէյճանի բանակի զինուորներ ինքնահրկիզման կը դիմեն, որովհետեւ սոված են։
Արեան նաեւ կը մէջբերէ Ատրպէյճանցի ընդդիմադիր Սուլայման Սուլայմանլիի դվիթերեան մէկ գրառումը, ուր ան մանրամասնօրէն կը պատմէ օրեր առաջ Պաքուի մէջ եղած սքանտալային ինքնահրկիզման դէպքին մասին։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։