Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբեր 17-ին ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի կողմէ Հայաստան ուղարկուած պատուիրակութեան ներկայացուցիչները՝ կաթողիկոսարանի տնօրէն Շահէ եպս. Փանոսեանը, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ Գրիգոր Մահսէրէճեանը:
Ողջունելով Արամ Ա.ի պատուիրակները՝ Փաշինեան ջերմութեամբ յիշեց այս տարի Անթիլիաս կատարած իր այցելութիւնը եւ վեհափառին հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած էին համահայկական օրակարգին եւ հայրենիքի զարգացման վերաբերող հարցեր:
Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ պատուիրակութիւնը Հայաստան եկած է՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորելու՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող արդիւնքին առիթով:
«Սփիւռքի հոգեւոր կեդրոնէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. նաեւ գրաւոր պատգամ յղած եւ շնորհաւորանքներ փոխանցած է ձեզի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին՝ մաղթելով, որ յառաջիկային նոյնպիսի յաջողութեամբ կը կազմակերպուին բոլոր այն աշխատանքները, որոնք ձեր գլխաւորութեամբ կը կարենան Հայաստանը տանիլ դէպի նոր բարձունքներ», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի գրաւոր պատգամը փոխանցելով վարչապետի պաշտօնակատարին:
Շահէ եպիսկոպոս նաեւ տեղեկացուց, որ յաջորդ տարուան Յունուարին կը նախատեսուի Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւնը Հայաստան: Վարչապետի պաշտօնակատարը ուրախալի նկատեց վեհափառ հայրապետին սպասուող այցելութիւնը, որ լաւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ համահայկական օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերուն, հայրենիքի հզօրացման հարցերուն անդրադառնալու համար: