image
Հրատապ լուրեր:

«ՆԱԹՕ-ն Ուքրանիա զօրք պիտի չղրկէ». Թրուտօ

«ՆԱԹՕ-ն Ուքրանիա զօրք պիտի չղրկէ». Թրուտօ

ՆԱԹՕ-ի երկիրները մտադիր չեն իրենց զինուժը ուղարկել Ուքրանիա: Այս մասին յայտարարած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօն:

«Մենք ՆԱԹՕ-ի ղեկավարներու գագաթաժողով կատարած ենք, ուր քննարկած ենք ապագայի մեր տեսլականը, թէ ինչպէս պիտի աշխատինք միասին, պարզ է, որ մենք չենք պատրաստուիր զօրքեր ուղարկելու Ուքրանիա», ըսած է ան:

Անոր խօսքով` արեւմտեան երկիրները մտադիր են շարունակել պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը Ուքրանիոյ մէջ, սակայն պիտի չսադրեն Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ պիտի չձգտին սրելու իրավիճակը:

«Մենք վճռական ենք միասին շարունակելու ամուր կանգնիլ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան համար: Մենք պիտի չհրահրենք (Ռուսաստանի Դաշնութիւնը), մենք պիտի չձգտինք մագլցումի», ըսած է Թրուտօն: Վարչապետը յաւելած է, որ Գանատան, ԱՄՆ-ն եւ Եւրոպան պատրաստ են «պաշտպանելու (իրենց) արժէքներն ու ազատութիւնները»: