ՆԱԹՕ-ի երկիրները պէտք է նուազեցնեն միջուկային զէնքի դերը իրենց ազգային եւ հաւաքական անվտանգութեան քաղաքականութեան մէջ, եթէ իսկապէս շահագրգռուած են ռազմավարական վտանգներու նուազեցմամբ: Այս յայտարարութիւնը ըրած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Վան Վենպինը։
Աւելի վաղ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի առաջին օրուան աւարտէն ետք յայտարարած էր, որ դաշինքի երկիրները պայմանաւորուած են համատեղ հակազդել Չինաստանի ազդեցութեան եւ ռազմական հզօրութեան ուժեղացման:
«ՆԱԹՕ-ն, ըլլալով ամենահզօր միջուկային զէնք ունեցող ռազմական դաշինքը, վերջին տարիներուն կը զբաղի «խօսափողային դիւանագիտութեամբ», որ անպատասխանատու կերպով ուռճացնէ Չինաստանի միջուկային սպառնալիքը։ Այդ սեփական մեղքը ուրիշի վրայ նետել է եւ բացարձակ երեսպաշտութիւն, Չինաստանը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ եւ վճռականօրէն դէմ է ատոր»,- յայտարարած Է դիւանագէտը։
Պաշտօնեան ընդգծած է, որ Չինաստանը երբեք չէ մասնակցած միջուկային սպառազինութիւններու մրցավազքին եւ հաւատարիմ է այն քաղաքականութեան, որ երբեք եւ ոչ մէկ պարագայի առաջինը կ'օգտագործէ միջուկային զէնք, ինչպէս նաեւ ատով չսպառնար միւսներուն։