image

ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարները տեսակապով պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ վիճակը եւ Ռուսաստանի պահանջները

ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարները տեսակապով պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ վիճակը եւ Ռուսաստանի պահանջները

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները Յունուար 7-ին տեսակապով պիտի ունենան արտահերթ ժողով, որու օրակարգին եւրոպական անվտանգութեան հարցով Ռուսաստանի ներկայացուցած պահանջներու թեման է:

«Նախարարները պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ տարածքին եւ Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական ստորաբաժանումներու կուտակումը եւ եւրոպական անվտանգութեան ընդհանուր հարցերը։

Հեռավար քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի Յունուար 12-ին Պրիւքսէլի մէը կայանալիք նիստին ընդառաջ: