ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները Յունուար 7-ին տեսակապով պիտի ունենան արտահերթ ժողով, որու օրակարգին եւրոպական անվտանգութեան հարցով Ռուսաստանի ներկայացուցած պահանջներու թեման է:
«Նախարարները պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ տարածքին եւ Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական ստորաբաժանումներու կուտակումը եւ եւրոպական անվտանգութեան ընդհանուր հարցերը։
Հեռավար քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի Յունուար 12-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք նիստին ընդառաջ: