Այսօր առաւօտ Ալ Նաճաֆ քաղաք հասնելով Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ Իրաքի շիիթներու անուանի կրօնապետներէն Սէյիտ Ալի Սիսթանիի հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հանդիպումը եղած է փակ, հետեւաբար լուսանկարիչներէ հեռու եւ այն տեւած է մէկ ժամ։
Հանդիպման աւարտին Սայէտ Սիսթանիի գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, նշելով, որ Սայէտ Սիսթանի հանդիպման աւարտին Պապին վստահեցուցած է, որ իրենք խաղաղութեան հաւատացող են ու մասնաւորապէս նշած, որ Իրաքի քրիստոնեայ քաղաքացիները կարեւոր բաղկացուցիչ են երկրին մէջ եւ անոնք բոլոր իրաւասութիւնները ունին ապրելու խաղաղ եւ արժանապատիւ պայմաններու մէջ։
Նոյն հանդիպման մասին կարճ լրատւութիւն մը կատարած է «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը նշելով, որ Հռոմի Պապը Սիսթանիի հետ քննարկած է երկրի բոլոր բաղկացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւն կայացնելու հնարաւորութիւնները, դիտելով տալով, որ բացառապէս այդ ճամբով կարելի պիտի ըլլայ վիրաւոր Իրաքը դուրս հանել իր տագնապներէն։
Յիշեցնենք, որ աշխարհատարած Շիիթ համայնքը ունի մի քանի կրօնական մեծաւորներ, որոնց ամէնէն յայտնիներէն է Սայէտ Ալի Սիսթանին։