Ռուսիոյ Դաշնութիւնը անուղղակի հիմքեր ունի ենթադրելու, որ Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Լիզ Թրասի «ամէն ինչ կատարուած է» հաղորդագրութիւնը, որ ուղարկուած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին, վերաբերած է «Հիւսիսային հոսքեր»ու պայթեցման։ Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինի խօսքը հաղորդած է ԹԱՍՍ–ը։
«Ես միայն անուղղակի հաստատում ունիմ, որ այս ամէնը հիմքեր ունի»,-ըսած Է Նարիշքին «Ռոսիա-1» հեռուստաալիքի «Մոսկուա։ Քրեմլ։ Փութին» ծրագրի հարցազրոյցին:
Ան յայտնած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիները պէտք է զգօն ըլլան, իսկ յատուկ ծառայութիւնները, ներառեալ ՝ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը, պէտք է շարունակեն բացայայտել եւ կանխել արտաքին սպառնալիքները՝ իրենց պետութեան եւ քաղաքացիներու նկատմամբ։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած էր, որ կը սպասէ Լոնտոնի պատասխանին ԶԼՄ-ներուն մէջ տարածուած տեղեկատւութեան կապակցութեամբ, որու համաձայն՝ Թրաս «it' s done» (գործը կատարուած է) հաղորդագրութիւն ուղարկած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին՝ «Հիւսիսային հոսքեր»ու մէջ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք։
«Այդ հարցի պաշտօնական պատասխանը կ'ակնկալեն միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք իրաւունք ունին իմանալու, թէ ինչ տեղի ունեցած է համաշխարհային ուժանիւթային անվտանգութեան հետ եւ ինչ է անգլոսաքսերու դերը կատարուած ահաբեկչութեան մէջ»,-ըսած էր ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։
Նշենք, որ 27 սեպտեմբերին Nord Stream AG ընկերութիւնը հաղորդած Է «աննախադէպ աւերածութիւններու» մասին, որոնք տեղի ունեցած են մէկ օր առաջ «Հիւսիսային հոսք» եւ «Հիւսիսային հոսք-2» ծովային կազատարներու երեք գիծերուն մէջ: Շուէտի երկրաշարժաբանները 26 սեպտեմբերին երկու պայթում գրանցած են խողովակաշարերու տեղակայման երթուղիներուն մէջ։ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը գործ յարուցած է։