Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի վերջերս կազմած դահլիճին մէջ հայկական համայնքի ներկայացուցիչ ճարտարարուեստի նախարար Ճօրճ Պուչիքեան օրերս այցելած է Պիքֆայա եւ ընդունուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Այս մասին տեկեղացանք Անթիլիասի տեղեկատուական գրասենեակէն, որ տարածած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը գրուի, թէ Հինգշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը: Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ վեհափառ հայրապետին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը իր խոստումը տուաւ վեհափառ հայրապետին Լիբանանին ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու: Ապա, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իր յառաջիկայ աշխատանքին առաջնահերթութիւնները:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց նախարար Պուչիքեանին` անոր ցուցաբերած նուիրումին ու ծառայելու յանձնառութեան համար: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ երկրի տնտեսութեան զարգացման ծիրին մէջ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը առանցքային դեր ունի յատկապէս այս օրերուն, հետեւաբար, ան յոյս յայտնեց, որ նախարար Պուչիքեան այս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի կազմակերպէ նախարարութեան գործունէութիւնը: