image

Նախարար Պապիկեանի հանդիպումները՝ Փարիզի մէջ

Նախարար Պապիկեանի  հանդիպումները՝  Փարիզի մէջ

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւի հետ:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Հանդիպումին քննարկուած են 27 Սեպտեմբեր 2022ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը:

Արծարծուած են տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:

Պապիկեան Ֆրանսայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթիան Քամպոնի հետ եւ քննարկեց պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: