Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Տուպայի մէջ հանդիպած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ապտուլլահ Պըն Թուք ալ-Մարրիի հետ։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Ներդրումներու աջակցման կեդրոն հիմնադրամի տնօրէն Գոհար Աբաջեան։
Տնտեսութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ՀՀ-ԱՄԷ տնտեսական համագործակցութեան լայն օրակարգ՝ մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ արտադրական եւ տարածաշրջանային բաշխման կեդրոններու ստեղծման, համատեղ լոճիսթիք հանգոյցներու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի վերամշակման եւ ԱՄԷ-ի ընկերութիւններու համար մասնաւոր պիտակի արտադրութեան կազմակերպման հնարաւորութիւնները։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ կանաչ ջրածինի արտադրութեան եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն։ Միտքեր փոխանակուած են զբօսաշրջութեան, հիւրընկալութեան եւ ներդրումային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացման շուրջ։
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վարդգէս Յովսէփեան, Տուպայի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արտակ Աւետիսեան եւ ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպանի տնտեսական հարցերու խորհրդական Հայկ Մխիթարեան։