Գարեգին Բ-ի եւ 6 եպիսկոպոսու գործով դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը ինքաբացարկ ներկայացուցած է եւ հրաժարած գործը քննելէ, յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։
«Պէտք է գործը նոր դատաւորի մակագրուի եւ նորից նիստ հրաւիրուի։ Եթէ բացարկի հիմքեր չլինեն, գործը կը քննի»,- նշած է Արա Զոհրաբեանը՝ աւելցնելով, որ ըստ էութեան, դատաւորը նաեւ հանդիսացած է փաստաբան, որ ըստ փաստաբանի՝ բացարկի հիմք չէր.
«Բայց դատաւորը, հաշուի առնելով, որ դա կարող է կասկած առաջացնել, ինքնաբացարկ յայտնեց»,-ըսած է փաստաբանը։
Յիշեցնենք, որ այսօր՝ օգոստոս 7-ին, տեղի պիտի ունենար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներու քրէական գործի նախնական դատալսումներու առաջին նիստը։
Իրաւական վէճը ծագած է Մասսեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը (Արման Սարոյեան) պաշտօնէ ազատելէ ետք:
Աւելի վաղ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը ժամանած էր Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ մասնակցելու իր գործով դատական առաջին նիստին։
Վաղարշապատի դատարանի բակին մէջ Վեհափառին դիմաւորեցին հարիւրաւոր քաղաքացիներ ու ընդդիմադիր պատգամաւորներ։