image

Նախարար Արթիւր Նազարեան «Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է»

Նախարար Արթիւր Նազարեան «Պուրճ Համուտի  Աղբանոցին Վերաբացումը  Կարմիր Գիծ Է»

Լիբանան- «Պուրճ Համուտի  աղբանոցի   խնդրին  մասին խօսիլը    անընդունելի է»   MTV    կայանին  ըսած է   Լիբանանի  ջուրի  եւ   ելեքդրականութեան հարցերու  նախարար Արթիւր Նազարեան:       Նախարարը նաեւ քննադատած է  է Պէյրութի  գետի հունին մէջ աղբ թափելու երեւոյթը եւ զայն համարած   է անթոյլատրելի:  Նախարար Նազարեան  նաեւ ըսած է, թէ աղբի խնդրով  ինք   պատրաստ  ծրագիրներ ունի սակայն մինչեւ այս պահը կառավարութիւնը չէ քննարկած    այդ   առաջարկները: Նշենք, որ Արթիւր Նազարեան   կառավարութեան մօտ  Հ.Յ. Դաշնակցութեան  ներկայացուցիչ  նախարարն է: Աւարտին յիշեցնենք,  որ  30  տարի   շահագործուելէ ետք   Պուրճ Համուտի աղբանոցը փակուեցաւ    1996-ին  համաժողովրդային բողոքի ալիքի  արդիւնքով: