Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի ընկերվարական քաղաքականութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Լիւտմիլա Քոզլովա «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»ի մէջ հրապարակուած «Նացիզմի վերածնունդը Մերձպալթիկէն մինչեւ Հայաստան» յօդուածով անդրադարձած է Երեւանի մէջ տեղադրուած Գարեգին Նժդեհի արձանին:
Անոր խոօսքով, այժմ տեղի կ'ունենայ նացիզմի հերոսացում, նացիստական խորհրդանիշներու տարածում եւ ազգային հերոսներու թուին այնպիսի մարդոց դասում, որոնք պայքարած են հակահիթլերեան դաշնութեան դէմ կամ համագործակցած են նացիստներու հետ:
Քոզլովա նշած է, որ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկեր Հայաստանը Երեւանի կեդրոնը տեղադրած է «Երրորդ ռէյխի հետ համագործակցած» Գարեգին Նժդեհի յուշարձանը, եւ յիշել տուած է, որ աւելի վաղ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով արձանի տեղադրումը, յայտարարած է. «Հասկնալի չէ, թէ ինչու տեղադրուած է այդ յուշարձանը»:
Քոզլովա յիշել տուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ յոյս յայտնած են, որ Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշման հիմքին մէջ, այնուամենայնիւ, առկայ պիտի ըլլայ նացիզմի հերոսացման դէմ պայքարի մասին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր յանձնաժողովի կողմէ ընդունուած բանաձեւը:
«Կը ցանկամ ընդգծել, որ Երեւանի մէջ Նժդեհի արձանի բացման նախաձեռնողներն այժմ կը պատրաստուին յուշարձան բանալ նաեւ պուլկարական Փլիսքա քաղաքին մէջ: Անձի մը յուշարձանը, որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը սկսած է համագործակցիլ հիթլերեան Գերմանիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ քարոզչական ելոյթներով հանդէս եկած է հայ ռազմագերիներու առջեւ, Խորհրդային Միութեան դէմ զինուած պայքարի կոչ ուղղելով անոնց»,- գրած է Լիւտմիլա Քոզլովա:
Ռուս սենատորը նշած է նաեւ, որ յուշարձաններու նկատմամբ վերաբերմունքը, զանոնք տեղադրելը կամ հանելը որեւէ պետութեան ինքնիշխան որոշումն է, բայց երկրի իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն ոչ միայն հանրութեան կարծիքը, «այլեւ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը»:
Յիշեցնենք, որ հայ պետական եւ ռազմական գործիչ Գարեգին Նժդեհի (1886 -1955) արձանի բացումը տեղի ունեցած է 2017 թուականի մայիսի 28-ին, Երեւանի կեդրոնը։
Լուրը ՝ «ԹԵՐԹ»-էն