image

Մութ «Տենդեր» Կ'անցնին Եգիպտական Ասեութի Գիւղերէն

Մութ «Տենդեր»  Կ'անցնին Եգիպտական Ասեութի  Գիւղերէն

 Եգիպտոս -   («Ալ Ժատիտ»-  Պէյրութ)   Ըստ  «Ալ Ժատիտ»  կայանին Եգիպտոսի առողջապահական մարմինները պարէտային վիճակ յայտարարած են Գահիրէի հարաւը, Ասեութ նահանգի կարգ մը գիւղերուն մէջ, երկու շաբաթէ ի վեր դիտարկուող եւ տակաւին բժիշկներու կողմէ հանելուկ համարուող,    բնակիչներուն մօտ յայտնաբերուած     տենդի   պատճառաւ:Առողջապահական եւ բնակչութեան նախարարութիւնը իր հրապարակումով հաւաստիացուց, որ վարակի աղբիւրը   քաղաքի ըմպելի ջուրը չէ  հիւանդութեան պատճառներուն շուրջ աւելի  անորոշ  վիճակ ստեղծելով:Նախարարութիւնը հաստատեց որ «Տիրոթ» կեդրոնի կապուած «Տաշլութ» եւ «Ապու Գարիմ»  գիւղերուն ջրային կեդրոններէն եւ խմելի ջուրի աղբիւրներէն  տարբեր նախարարութեանց հետ համադրումով առնուած ջուրի նմուշները, հարիւր տոկոսով ապահովութեան չափանիշներուն պայմանները կ'իրականացնեն:Առողջապահական նախարարութիւնը նախորդ Հինգշաբթի օրուընէ ի վեր, բժշկական խմբակ մը ուղարկած էր Ասիութ նահանգ, գլխաւորութեամբ տոքթ. Ամրու Գանտիլի, դիմադրողական բաժնի փոխ նախարարին, այդ գիւղերու առողջապահական վիճակին հսկելու, հետեւելու եւ ամփոփելու հիւանդանոցներու մէջ գտնուող պարագաները եւ պէտք եղած զգուշողական պարագաները ձեռք առնելու:Մինչ այդ առողջապահութեան նախարարութիւնը հերքեց այս վարակին հետեւանքով, մահուան պարագաներ արձանագրուիլը, յիշեց որ, կասկածելի այդ գիւղաքաղաքներէն եկած 67 դէպքեր արձանագրուած են, որոնք մեկուսացուած են «Տիութ»ի վարակներու  հիւանդանոցէն ներս, Հոկտեբեր ամիսէն սկսեալ: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, թէ 40 պարագաներ հիւանդանոցէն դուրս հանուած են  առողջապահական վիճակի բարելաւումէն ետք եւ 22 պարագաներ, որոնց վիճակը կայուն որակեց, տակաւին հսկողութեան տակ բուժման կ'ենթարկուին, եւ հաստատեց որ մահ չէ պատահած, ոչ հիւանդանոց ներկայացողներուն, ոչ մեկուսացուած հիւանդներուն միջեւ:  Համաձայն հրապարակումի վարակը արական թէ իգական, տարիքային բոլոր շերտերու մօտ տարածուած է, աւելի աճ արձանագրելով 10-էն 40 տարիքներու միջեւ:Վարակի նշաններն են ջերմութեան բարձրացումը գիշերուան ընթացքին եւ նուազումը ցերեկը, սաստիկ գլխացաւ, թուլութիւն, մարմնային ցաւ յատկապէս կռնակի յետին մասին վրայ եւ ստամոքսային ցաւեր: