Իսրայէլեան Փալմահիմ լողափին մէջ յայտնաբերուած է եգիպտական Հաթոր աստուածուհիի աւելի քան 3 հազար տարուան արձանիկ: Այս մասին յայտնած է The Jerusalem Post թերթը։ Ըստ թերթի տուեալներու՝ այն ջուրին մէջ յայտնաբերած է Իսրայէլի քաղաքացին։ Ան անմիջապէս հասկցած է, որ իր առջեւ պարզ քար չէ։
Իսրայէլի հնութիւններու վարչութեան պրոնզէ դարաշրջանի փորձագէտ դոկտոր Ամիր Կոլանին յայտարարած է, որ «նման արձանիկները, որոնք օգտագործուած են կրօնական երկրպագութեան համար եւ սովորաբար կը նոյնացուին եգիպտական Հաթոր աստուածուհիի հետ, բնորոշ են ուշ պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջանի խանաանեան մշակոյթին»։
Թերթը գրած է, որ խանաանցիները որդեգրած են եգիպտացիներու ծիսական եւ կրօնական սովորոյթները, որոնք այդ ժամանակ կը ղեկավարէին տարածաշրջանը: Անոնք որպէս տնային սրբավայր կ'օգտագործէին ծիսական արձանիկները։ Հակառակ փոքր վնասներուն՝ գիտնականները կրցած են պարզել, որ խօսքը, ամենայն հաւանականութեամբ, Հաթոր աստուածուհիի մասին է։ Արձանիկը պատրաստուած է կաւէ եւ ունի այս աստուածուհիի պատկերներու բազմաթիւ առանձնայատկութիւններ, մասնաւորապէս՝ սանրուածք, որ կ'ընդօրինակէ ցուլի եղջիւրները, ինչպէս նաեւ ուռուցիկ աչքեր:
Հաթորը հին եգիպտական պանթէոնի գլխաւոր աստուածուհիներէն մէկն է։ Ան կը համարուէր կիներու հովանաւոր սուրբը, գեղեցկութեան եւ մայրութեան մարմնացումը, կը կապուէր երաժշտութեան, պարի, զուարճանքի հետ: