image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտական Կինէն դէպի նոր անկո՞ւմ

 Եգիպտական  Կինէն դէպի նոր անկո՞ւմ

«Եգիպտական  կինէն  նուազած  է այն մակարդակի, որ ներկայիս կը գրաւէ ներդրողներու ուշաեդութիւնը»: Այս մասին «Al-Arabiya»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է «Hermes» ներդրումային եգիպտական ընկերութեան հետազօտական բաժնի գլխաւոր վերլուծաբան տնտեսագէտ՝ Մուհամմատ Ապու Պաշա:  

Ապու Պաշա բացատրած է, որ Եգիպտոսի վերջին հարցը այն է, որ աւելիով առկայ են տարադրամներ, ինչ որ առաջիկայ շրջանին կրնայ յանգեցնել յաճախակի ճնշման եգիպտական կինէին  վրայ: Սակայն առկայութեան պարագային  այն կը վերադառնայ ներկայ սահմաններուն մօտ: 

Ապու Պաշա աւելցուցած է, որ Եգիպտոսի համար արգելքներ չկան կրկին վարկ ստանալու Միջազգային դրամատունէն, նկատի առնելով, որ Եգիպտոս իրականացուցած է դրամատան բոլոր յանձնարարութիւններն ու պահանջներու մեծ մասը: 

Ան մատնանշած է, որ որոշակի ուշացում կայ կառավարութեան ներկայացուցած այն ծրագրին մէջ, որ կը ներառէ մօտաւոր 32 ընկերութեան հիմնադրումը։

Հարկ է նշել, որ աւելի վաղ Եգիպտոսի կառավարութիւնը յայտարարած էր, թէ առաջիկային եգիպտական  սակարանին մէջ պիտի ներառէ 32 տարբեր ընկերութիւններ: Այս առաջարկին նպատակը ապահովելն է անհրաժեշտ իրացուելիութիւն կառավարութեան, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել ռուս-ուքրանական պատերազմի հետեւանքով առաջացած համաշխարհային տնտեսական տագնապը:  

Աղբիւրը նշած է, թէ օրերս Եգիպտոսի Նախարարներու գրասենեակը յայտարարած է, որ արդէն սկսած են գործնական քայլերը առաջարկին կապակցութեամբ պետական սեփականութեան փաստաթուղթերը  պատրաստելու, որպէսզի Եգիպտոսի պորսայի կամ ռազմավարական ներդրողի  միջոցաւ թողարկուի 32 ընկերութիւն: 

Նշուած է, որ նախատեսուած է ընկերութեան մէկ մասը հրապարակել պորսայի միջոցով, իսկ միւս մասը՝ ներդրողի։ Նախարարներու գրասենեակը դիմած է կարգ մը ներդրումային դրամատուներու օգնութեան, որոնք յանգած են առաջարկի ձեւի յստակացման։ Ի դէպ ռազմավարական ներդրող կը նշանակէ մուտք գործել ընկերութիւն աւելցնելով դրամագլուխը կամ ձեռք բերելով իր բաժին տոկոսը ընկերութենէն։

Ընկերութիւններու թողարկումը տեղի պիտի ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին՝ սկսելով 2023 -ի առաջին եռամսեակէն մինչեւ 2024-ի առաջին եռամսեակի վերջը։

Ըստ  Hermes-ի գլխաւոր տնտեսագէտին՝ տակաւին անորոշութիւն մը կայ Կեդրոնական դրամատուներուն մօտ, տոկոսադրոյքներուն եւ  գալիք բարձրացումներուն վերաբերեալ, պայմանաւորուած գնաճի եւ տնտեսական աճի ցուցանիշներով, բարձր տոկոսադրոյքներու լոյսի ներքոյ: 

Ապու Պաշայի կարծիքով, կ'ակնկալուի, որ տոկոսադրոյքները բարձր մնան բաւական երկար ժամանակ, ամենայն հաւանականութեամբ գոնէ 2023-ի ընթացքին: