Անցնող 2014 տարուան Յունիսէն ի վեր Իրաքի Մուսուլ քաղաքը իրենց տիրապետութեան տակ առած ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը սպաննած է 46 լրագրողներ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Rudaw.net կայքը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ ISIS- ի զինեալներ շաբաթ օր ծանր պայմաններոու տակ սպաննած են Մուսուլի «Ալ Ռաշիտ» ռատիոկայանի տնօրէն լրագրող ՝ Եահիա Ապըտ Ահմատը: Զինեալները սպաննելէ ետք Ահմատը թալանած են անոր տունն ու առգրաւած անոր անձնական համակարգիչը: Նշենք, որ Մուսուլը գրաւելէն ետք ISIS նոյնպէս իր տիրապետութեան տակ առած էր «Ալ Ռաշիտ» կայանը եւ զայն վերանուանած «Ալ Պայան»: Աղբիւրը կը նշէ, որ նախքան ISIS-ի ձեռքը անցնիլ «Ալ Ռաշիտ» կայանը կը սփռուէր 4 լեզուներով եւ լսելի էր մինչեւ Իրպիլ եւ Տհոք: