Տաղստանի Սերգոկալա շրջանի ղեկավար Մագոմեդ Օմարովի սպաննուած որդիներէն մէկը՝ Օսմանը, Մախաչկալայի շինարարական առեւտուրով կը զբաղէր, կը յայտնէ Mash Telegram-ալիքը։
Կը նշուի նաեւ, որ ան Իզերբաշի «Լիմոնադ» անունով սրճարանի սեփականատէրն էր եւ կապեր ունէր Թուրքիոյ հետ։
Յիշեցնենք, որ Օմարովի երկու որդիները մասնակցեր էին Մախաչկալայի յարձակումին եւ մահացեր։
Անոնց հայրը ձերբակալուած եւ բնականաբար աշխատանքէն հեռացուած է։