image

Մուրատ Նազարեան Եւ Պոլսոյ Յարձակման Ենթարկուած Հայ Կիները

Մուրատ  Նազարեան   Եւ Պոլսոյ Յարձակման Ենթարկուած Հայ  Կիները

 Թուրքիա-   Մուրատ Նազարեանի անունը       առաջին անգամ լսելի  դարձաւ Պոլսոյ Սամաթիա  շրջանին մէջ հայ  մեծահասակ կիներու դէմ տեղի ունեցած  յարձակումներէն անմիջապէս ետք:   Նազարեանի մասին կարեւոր նորութիւններ կը փոխանցէ  Պոլիս հրապարակուող  «Ակօս» պարբերականը: Նազարեան  ձերբակալուեցաւ   Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ եւ անոր  դէմ մեղադրանք հրապարակուեցաւ, ուր կ'ըսուէր, թէ  ինքն է հայ  մեծահասակ  կիներուն դէմ  յարձակում իրականացնողը: Նազարեան բաւական երկար ժամանակ լուռ մնալէ    ետք օրերես կարեւոր     տեղեկութիւններ     փոխանցած է իր   իրաւապաշպտան      Էրէն Քէսքինին:  առաջ: Ան պատմած է,  թէ ինչ պայմաններու տակ  իրեն ստիպած են    դեղահապեր կլլել ու ապա  յարձակիլ հայ կանանց վրայ:  Այս  նորութիւնը   կրնայ «ռումբ»ի ազդեցութիւն ունենալ եթէ Նազարեան նոյն նախանձախնդրութեամբ յաւելեալ մանարամասնութիւններ  ներկայացնէ յառաջիկայ  կայանալիք դատական   նիստին  ընթացքին:  Կը մնայ հարցադրումը, թէ ինչու մինչեւ այս պահը     այսքան  երկար ժամանակ լուռ մնաց   Նազարեան:  Յիշեցնենք, որ       յարձակման ենթարկուած հայ կանանց շարքին էր Մարիձա Քիչիւքը,  որ     28   Դեկտեմբեր   2013-ին ծանր պայմաններու տակ  ծեծի ենթարկուելէ ետք    մահացած էր: