Ռուսիան պատրաստ է մօտ ժամանակներս Մոսկուայի մէջ կազմակերպել Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը:
Այս մասին հինգշաբթի՝ 2 նոյեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Մօտ ժամանակներս մենք պատրաստ ենք Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը», -ըսած Է Զախարովան:
Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վարչապետներ Ալի Ասատովի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 27-ին Վրաստանի մէջ, ան ընդգծած է, որ Մոսկուան կ՚ողջունէ «որեւէ շփում, որ կը նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութեան վերացման»: