image

Մոսկուան պատրաստակամութիւն յայտնած է կազմակերպելու Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Մոսկուան պատրաստակամութիւն յայտնած է կազմակերպելու Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Ռուսիան պատրաստ է մօտ ժամանակներս Մոսկուայի մէջ կազմակերպել Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը:

Այս մասին հինգշաբթի՝ 2 նոյեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մօտ ժամանակներս մենք պատրաստ ենք Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը», -ըսած Է Զախարովան:

Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վարչապետներ Ալի Ասատովի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 27-ին Վրաստանի մէջ, ան ընդգծած է, որ Մոսկուան կ՚ողջունէ «որեւէ շփում, որ կը նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութեան վերացման»: