Մեղրիի երթուղիի ստեղծումը շատ կարեւոր գործօն պիտի ըլլայ Անդրկովկասի մէջ ընդհանուր կայունացման համար, այս մասին «RBC»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
«Այնուամենայնիւ, խօսքը Հայաստանի տարածքով երկաթուղիի մասին է, ուստի ես ինծի թոյլ տուի օգտագործել Մեղրիի երթուղի անուանումը: Այո, Ատրպէյճանի մէջ այն կը կոչուի «Զանգեզուրի միջանցք»։ Այսպէս ըսենք, որ այդ ձեւակերպումը գոհացնէ բոլորին։ Մենք աշխուժօրէն կ'օգնենք մեր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն՝ համաձայնութեան հասնելու հարցով։ Կը կարծենք, որ այդ պայմանաւորուածութիւնը շատ կարեւոր գործօն պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր կայունացման համար», -ըսած է ան։
Ըստ անոր՝ Հայաստանն այդ պարագային հնարաւորութիւն կը ստանայ դառնալու փոխադրային-լոճիսթիք հանգոյց, կամրապնդէ եւ կ'ընդլայնէ իր փոխադրային կապերը ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ռուսիոյ հետ։
«Ատրպէյճանը կը ստանայ երկրի երկու հատուածներու միջեւ անխափան փոխադրային հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն։ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի ընդհանուր կայունացումը կը ծառայէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայի համար վստահութեան հիմքերու ամրապնդման: Այնպէս որ, մենք տրամադրուած ենք շարունակել առաջ տանիլ այդ խորհրդակցութիւնները եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջածիրէն ներս», -ըսած է Կալուզինը։