image

Մոսկուա. Պիտի տեղադրուի Կարօ Հալապեանի յուշարձանը

Մոսկուա. Պիտի տեղադրուի Կարօ Հալապեանի յուշարձանը

Մոսկուայի քաղաքային տումայի յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է ճարտարապետ Կարօ Հալապեանի յուշարձանը Մոսկուայի հիւսիսը տեղադրելու առաջարկին:

 

«Կոթողային արուեստի հարցերով յանձնաժողովը 12 հոկտեմբեր 2017 թ. նիստին քննարկած է ԽՍՀՄ ճարտարապետներու միութեան հիմնադիր, Մոսկուայի գլխաւոր ճարտարապետ Կարօ Հալապեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի բացման հարցը: Առաջարկը ներկայացուցած է Ռուսիոյ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան: Հաշուի առնելով Մոսկուայի մշակութային ժառանգութեան բաժինի եւ Քաղաքաշինութեան ու ճարտարապետութեան յանձնաժողովի դրական եզրակացութիւնը` հանձնաժողովը որոշած է հաւանութիւն տալ այս առաջարկին»,- ըսած է յանձնաժողովի նախագահ Եւգէնի Գերասիմով:

 

Ան ընդգծած է, որ նախագիծի փակ ստեղծագործական մրցոյթի իրականացումը, ինչպէս նաեւ յուշարձանի ստեղծման ու տեղադրման նիւթականը կ'ապահովէ հայկական կողմը: Յուշարձանը կը նախատեսուի տեղադրել կանաչապատ տարածքի մէջ` Սոկոլ շրջանի մերձակայքը: