image

Մոմեր եւ խաղալիքներ. Քաղացիները կը փութան ողբերգական արկածին զոհ գացած կնոջ յիշատակը յարգելու

Մոմեր եւ խաղալիքներ. Քաղացիները  կը փութան  ողբերգական արկածին  զոհ գացած կնոջ  յիշատակը յարգելու

Քաղաքացիները խաղալիքներ տարած եւ մոմեր վառած են Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ողբերգական արկածի վայրին մէջ: 

ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ճանապարհափոխադրային յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 242-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 244-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ կ'իրականացուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ` Երեւան քաղաքի Պարոնեան եւ Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղի ունեցած մահուան ելքով արկածի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Նախնական տուեալներով, 2022-ի Ապրիլ 26-ին` ժամը 18:05-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի վերոնշեալ փողոցներու խաչմերուկին վրայ ՀՀ ոստիկանութեան «ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան ուղեկցող սպայական վաշտի հրամանատարը իր կողմէ վարած «Փոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժով արկածի ենթարկած է Արարատի մարզի 28-ամեայ բնակչուհին, որու հետեւանքով ստացած մարմնական վնասուածքներով վերջինս տեղափոխուած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոն, ուր գիտակցութեան չգալով` մահացած է:

Նշուած ինքնաշարժի վարորդը դէպքէն յետոյ թողած է ճանապարհափոխադրային պատահարի վայրը եւ հեռացած, սակայն ժամը 20:05-ին վերադարձած է դէպքի վայր եւ մասնակցած է կատարուող քննչական գործողութիւններուն:

Վերջինս ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: