Քաղաքացիները խաղալիքներ տարած եւ մոմեր վառած են Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ողբերգական արկածի վայրին մէջ:
ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ճանապարհափոխադրային յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 242-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 244-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ կ'իրականացուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ` Երեւան քաղաքի Պարոնեան եւ Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղի ունեցած մահուան ելքով արկածի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:
Նախնական տուեալներով, 2022-ի Ապրիլ 26-ին` ժամը 18:05-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի վերոնշեալ փողոցներու խաչմերուկին վրայ ՀՀ ոստիկանութեան «ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան ուղեկցող սպայական վաշտի հրամանատարը իր կողմէ վարած «Փոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժով արկածի ենթարկած է Արարատի մարզի 28-ամեայ բնակչուհին, որու հետեւանքով ստացած մարմնական վնասուածքներով վերջինս տեղափոխուած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոն, ուր գիտակցութեան չգալով` մահացած է:
Նշուած ինքնաշարժի վարորդը դէպքէն յետոյ թողած է ճանապարհափոխադրային պատահարի վայրը եւ հեռացած, սակայն ժամը 20:05-ին վերադարձած է դէպքի վայր եւ մասնակցած է կատարուող քննչական գործողութիւններուն:
Վերջինս ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: