image

Մրցանակ՝ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին

Մրցանակ՝ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին

Երկու ամիս առաջ Սուրիոյ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Խէյր Ալ Տին Ասատի» մրցոյթին՝ «Սարդարապատ» պարախումբին 50-ամեայ գործունէութեան պատմականը ներկայացնելով եւ արժանացաւ մրցանակի, զոր ստանձնեց 2 Յունուար 2023-ին։

Խէյր Ալ Տին Ասատի ծնած է Հալէպ: Եղած է լեզուաբան ու պատմաբան։ Անոր ուսումնասիրական աշխատանքներու կոթողները հանդիսացող գործերն են «Հալէպի բարբառներու  հանրագիտարան» եւ «Կրօնական հոգեւոր երգերու հաւաքածոյ» գիրքերը։

Ուշագրաւ է, որ Խէյր Ալ Տին Ասատին երկար տարիներ Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ դասաւանդած է արաբերէն։ Մահացած է 1971-ին: Ան յետ մահու արժանացած է Սուրիոյ առաջին կարգի քաղքացիական արժանիքի շքանշանին: 

Խէյր էլ Տին Ասատիի մահէն ետք, անոր աշակերտներէն հնագէտ երկրաբան` տօքթ. Նահէտ Քուսա արաբերէն լեզուն, մշակոյթն ու արուեստը քաջալերելու եւ իր ուսուցիչին անունը անմահացնելու նպատակով, կը հիմնէ  մրցանակ մը, որ 2018-էն սկսեալ կը տրամադրուի Հալէպի մշակութասէր անհատներուն եւ մշակութային միութիւններուն։

Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2023-ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնն ու «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը  «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Տոքթ. Նահէտ Քուսայի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր՝ մշակութային գետնի վրայ տարած իր աշխատանքին համար։

Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղ