Հոս պարտք կը զգամ հոգեւին արձանագրելու, որ երբ օրուան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Էմիլ Լահուտ, իմ հրապարակագրական-խմբագրական-լրագրական վաստակիս համար, ինծի շնորհեց Լիբանանի Մայրիներու Արժանեաց շքանշան ու Պատուոյ վկայական (2007ին), Մկրտիչը իմանալով այս ջերմագին լուրը, անմիջապէս հետս կապուելով, տեղեկացուց, որ սիրով իր մշակութային կեդրոնը կը տրամադրէ այդ տուչութեան արարողութեան, մեծապէս շնորհաւորելով զիս, այս պատուաբեր շքանշանակրութեան առիթով, ի ներկայութիւն հայ եւ արաբ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ու լրագրողներու:
Այսպէս էր Մկրտիչը բոլոր իր բարեկամ մտաւորականներու նկատմամբ, զանոնք հիւրընկալելով ու պատուելով, ամէն առիթով երբ պատեհութիւնը ստեղծուէր:
Լիբանանահայ ազդեցիկ հրապարակախօս, «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր՝ Պարոյր Աղպաշեան կը գրէ՝
Յարգելի ու պատուական ազգային մը եւս կը կորսնցնենք, որուն համակ կեանքը եղաւ աշխատասիրութիւն ու ծառայութիւն, ազնուականութիւն ու բարեսիրութիւն:
Հանգուցեալ ՄԿՐՏԻՉ Լ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆը, ծանօթ էր իր աշխատունակութեամբ, ժրաջանութեամբ, ձեռնհասութեամբ ու ճարտարութեամբ, միշտ օգտակար հանդիսանալով իր շրջապատին, բայց, ամենէն աւելի խանդավառուելով ու հպարտանալով, իր հայրենիքի գոյութեամբ ու նոաւճումներով, զանոնք նկատելով իւրաքանչիւր հայորդիի գերագոյն պարտականութիւնը եւ անգին նուիրականութիւնը:
Ընթերացասէր ու գրասէր էր, ջատագովը ըլլալով լաւին ու բարիին, անկեղծին ու պարկեշտին, վեհանձին եւ առաքինիին, իրենց ամենէն բարձր արժանիքներով եւ յատկանշելի գիծերով:
Շատ կը գործէր ու միշտ կը պրպտէր, ձգտելով դէպի նորագոյնին եւ ուսանելիին, արդիականին եւ իտէալականին, որովհետեւ կը հաւատար անոնց օգտակարութեան եւ այժմէականութեան, յաչս մարդկութիւնը ու մասնաւորաբար իր ժողովուրդը պանծացնող գործօնները:
Մկրտիչը որակեալ գործարար էր, խոհուն մտաւորական, հաճելի զրուցակից, համագործակցող տարր, սրտաբուխ բարեկամ, սակայն, միշտ զուսպ ու համեստ ցուցանիշերով, լրջամիտ ու հաւասարակշիռ մտածումներով:
Մկրտիչը ուսանած էր ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական վարժարանը, ու զայն յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, յաճախած էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, ուրկէ վկայուած էր որպէս խոստմնալի ճարտարապետ:
Դպրոցական օրերուն, արուեստի, մշակոյթի ու գրականութեան նկատմամբ ունէր գնահատելի հետաքրքրութիւններ, նաեւ մարզական կեանքի, յատկապէս պասքեթպոլի գծով, ըլլալով յաղթանդամ եւ երկարահասակ, իսկ ՀԵԸի սկաուտական մարզէն ներս եւս իր գործունէութիւնը ծաւալելով:
Ինչպէս իր ժամանակակից դասընկերները եւ առ հասարակ աշակերտութեան մեծ մասը, բոլորն ալ նուիրուած էին իրենց ուսման յաջողութեան ճիգերուն, մտային զարգացումներուն, հայրենական կեանքին, Զարեհ Նուպարեան միջոցառումներուն, «քիչ մը ամէն բան»ի գեղարուեստական յայտագիրներուն, «Նուիրում» պարբերաթերթին աջակցութեան, միշտ տիպարային եւ օրինակելի դերակատարումներով ու մասնակցութիւններով:
***
Յետագային, Մկրտիչը մուտք գործեց ասպարէզային բնագաւառին մէջ, հասնելով շօշափելի արդիւնքներու ու հիմնեց իր անձնական պանդոկը՝ «Garden Tower», Անթիլիասի հայահոծ մէկ լանջին, զոր դարձուց նաեւ մշակութային-արուեստի հանրամատոյց կեդրոն մը:
Յայտնի էր, որ Մկրտիչի մտքին մէկ անկիւնը կար նման խօսուն ու գրաւիչ հարթակ մը ստեղծելու հաւանականութիւնը, անշուշտ, երբ «զանգակը» հնչէր, քանի ատիկա իրեն համար կիրարկելի երազի մը իրականացումը պիտի ըլլար:
Մկրտիչ կ’ապրէր իր ոգեկոչելի օրերը, ի տես, նախ՝ իր հիւրանոցային շքեղ կառոյցին, ապա, եւ գլխաւորաբար, իր մշակութային օճախին ծնունդ տալու ուրախ աւետիսին:
Արդարեւ, պանդոկին մշակութային սրահը, իր համապատասխան բաժիններով, շուտով դարձաւ արուեստագէտներու, մշակութաբաններու, մտաւորականներու, լրագրողներու, մանկավարժներու մեղուաշէն բոյն մը, ուր հաւաքներ տեղի կ’ունենային, ելոյթներ կ’արձագանգուէին, հանդէսներ կը շեփորուէին, ականաւոր դէմքեր ու հիւրեր կը դասախօսէին, իսկ ունկնդիրներու մեծ թիւ մը կը վայելէր այդ բոլորը:
Մկրտիչ սիրայօժար իր դռները բացած էր բոլորին առջեւ, առանց պայմաններու կամ ակնկալութիւններու, որովհետեւ կը հաւատար իր համոզմունքներուն եւ այդ ոգիով ալ գնահատելու հայ մշակոյթը եւ արուեստը, արուեստագէտները եւ արուեստասէրները:
Հոս պարտք կը զգամ հոգեւին արձանագրելու, որ երբ օրուան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Էմիլ Լահուտ, իմ հրապարակագրական-խմբագրական-լրագրական վաստակիս համար, ինծի շնորհեց Լիբանանի Մայրիներու Արժանեաց շքանշան ու Պատուոյ վկայական (2007ին), Մկրտիչը իմանալով այս ջերմագին լուրը, անմիջապէս հետս կապուելով, տեղեկացուց, որ սիրով իր մշակութային կեդրոնը կը տրամադրէ այդ տուչութեան արարողութեան, մեծապէս շնորհաւորելով զիս, այս պատուաբեր շքանշանակրութեան առիթով, ի ներկայութիւն հայ եւ արաբ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ու լրագրողներու:
Այսպէս էր Մկրտիչը բոլոր իր բարեկամ մտաւորականներու նկատմամբ, զանոնք հիւրընկալելով ու պատուելով, ամէն առիթով երբ պատեհութիւնը ստեղծուէր:
***
Կ’արժէ յիշել նաեւ, որ Մկրտիչը Բարեգործականի բազմակի վեթերան էր, դպրոցական տարիներէն մինչեւ իր շիջումը, հետեւաբար, անակնկալ չէր, որ յատենի ղեկավարութիւնը զինք հրաւիրեց մաս կազմելու ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ ատենապետ Միութեան Կրթական Յանձնախումբին, ուր ան յաջորդական տարիներ զգալի գործունէութիւն ծաւալեց, ի մասնաւորի մասնագիտական գծով իր գիտելիքները ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելով Միութեան շարք մը ծրագիրներու իրականացման:
***
Այսօր, Մկրտիչը ոչ եւս է, անդարձօրէն մեկնած է այս աշխարհէն, լուռ ու մունջ, սակայն, իր ետին ձգելով ազնիւ անուն մը, յիշատակելի վաստակ մը եւ ազգային-միութենական ծառայութիւններու շարան մը:
Եթէ ան վերջին տարիներուն բացակայեցաւ հայկական հրապարակներէն, բայց չանհետացան անոր ներդրումները, դերերը ու գործարքները բազմաթիւ ոլորտներէ ներս:
Յիշատակը մնայ անմար, իր անձով, գործով ու վաստակով:
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)